ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըր եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 28 Նոյեմբերի իրենց հանդիպումին ընթացքին քննարկեցին հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:
Ըստ «Ազատութեան»՝ Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդեց, որ Ռիքըր ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններուն, որովհետեւ երկու կողմերն ալ կ՛աշխատին կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի մը ուղղութեամբ:
Ան շեշտեց Ուաշինկթընի աջակցութիւնը խաղաղ գործընթացին եւ յորդորեց երկու կողմերը` ծրագրել հետագայ բանակցութիւնները եւ յստակ քայլերու ձեռնարկել խաղաղութեան համար հարթակ ստեղծելու ուղղութեամբ:
Հանդիպումին մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Պայրամով նշեց, թէ Հայաստան տակաւին չէ կատարած 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները եւ ամբողջութեամբ դուրս չէ բերած իր զինուժը Ատրպէյճանի տարածքէն: Ան ընդգծեց «Հայաստանի ապակառուցողական գործողութիւններու կանխարգիլման» կարեւորութիւնը:
Պայրամով խօսեցաւ նաեւ «Արցախի հայ բնակչութեան` ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ դարձեալ համարկելու Պաքուի մօտեցման մասին»: