Եւրոպական Միութեան մէջ «Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրը հաղորդեց, որ Պրիւքսէլ չէ հրաժարած Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի ղեկավարներուն եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին քառակողմ հանդիպումը կազմակերպելու գաղափարէն՝ նշելով, որ կապի մէջ են երկու կողմերուն հետ` նախապատրաստելու համար նոր հանդիպումը: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի համար, ըստ «Ազատութեան» աղբիւրին, «անիկա կարեւոր է»: Սակայն, բանակցութիւններու ճշգրիտ օր չնշուեցաւ։
Նախօրէին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր, թէ 7 Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուող հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ հայկական կողմի դիրքորոշումին պատճառով՝ շեշտելով, որ Փաշինեան հանդիպումին համաձայնած է միայն Ֆրանսայի նախագահին ներկայութեան պայմանով, իսկ վերջինը, ըստ Ալիեւի, հակաատրպէյճանական դիրքորոշում ունի, կողմնակալ է, առ այդ, չի կրնար մասնակցիլ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացին:
Երեւան իբրեւ պատասխան՝ յայտարարեց, որ պատրաստ է այդ բանակցութիւններուն՝ նախկին ձեւաչափով:
Իսկ 29 Նոյեմբերին, յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան «Թուիթըր»ի վրայ գրութեամբ մը պնտեց, որ Ատրպէյճան Փրակի մէջ համաձայնած է շարունակել հանդիպումը քառակողմ ձեւաչափով:
«Տրամաբանական է, որ հանդիպման ձեւաչափը եւ մասնակիցների կազմը պէտք է լինի նոյնը: Այդ իսկ պատճառով մենք յոյս ունենք, որ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ Բրիւսելում` Մակրոնի եւ Միշելի մասնակցութեամբ», կ՛ըսէ Մարուքեան: