Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա յայտարարեց, որ 20 Հոկտեմբերէն ի վեր Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դիտորդական առաքելութեան պաշտօնը շարունակելու անհրաժեշտութիւն կայ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ան այս մասին յայտարարեց 6 Դեկտեմբերի, կառավարութիւն-Ազգայի ժողով հարցում-պատասխան օրակարգին ընթացքին:
«Սահմանը մշտադիտարկելու միջոցով այս առաքելութիւնը իսկապէս սահմանափակեց կացութեան սրման վտանգը», շեշտեց ան:
Քոլոննա նշեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը չէ թուլցած: Ան վերահաստատեց Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Հայաստանին եւ խոստացաւ, որ շարունակական ջանքեր գործադրէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար:
Միւս կողմէ, կառավարութեան անդամներուն հետ հարցում-պատասխանին ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շահագրգռուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին միջազգային կառոյցներու դիտորդական առաքելութեան ներկայութեամբ եւ կ՛ողջունէ Եւրոպական Միութեան անդամ զանազան երկիրներու պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու առաքելութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին:
«Մենք այս հարցով, եթէ կը յիշէք, դիմել էինք տարբեր կազմակերպութիւնների` ՀԱՊԿին, ԵԱՀԿին, ԵՄին: Այս ընթացքում նաեւ ԵԱՀԿից առաքելութիւն եկաւ եւ այն արդէն աւարտուել է: Այս պահին դեռ ընթանում է ԵՄ դիտորդական առաքելութեան աշխատանքը, ժամկէտը չի աւարտուել: Այն կ՛աւարտուի Դեկտեմբերի 19-20ին: Ես ողջունում եմ ԵՄ անդամ տարբեր երկրների պատրաստակամութիւնը` շարունակել առաքելութիւնը եւ շարունակել պահպանել ներկայութիւնը Հայաստան-Ադրբեջան սահմանին», նշեց Միրզոյեան:
Ան շատ կարեւոր նկատեց Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գնահատականները հետագայ միջազգային գործընթացներուն համար: Ըստ անոր՝ միայն չէզոք դիտորդներու եւ դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը կ՛ունենայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին իրավիճակի հետագայ սրման կանխարգելիչ նշանակութիւն:
«Եւրոպական Միութեան այդ առաքելութիւնը նաեւ այդպիսի դեր է խաղացել: Հետեւաբար` Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարող է ողջունել այս առաքելութեան երկարաձգումը կամ նոր դիտորդական առաքելութեան ուղարկումը», եզրափակեց Միրզոյեան:
Armenians must decide soon if they want to be under bolshevik rule,
2nd republic continuation or Change ArAm Manougian & K. Nejteh 1918
May 28 1st REPUBLIC CONTINUATION, to be a FREE STATE AGAIN.
Without FORGETTING HIGHEST PRICE PAID BY 2,000,000 GENOCIDE
PERSONS BLOOD *ON ITS 6000 YEARS OLD NATAL LAND*; 50% OF
ITS POPULATION 1894- 1918. HIGHEST RECORD IN HISTORY BOOKS.
Whoever Denise this fact IS A NATION TRAITOR, HELPING TO STAY
SLAVE, LEADING TOTAL LOSS, IS PUNISHABLE BY LIFE SENTENCE.
Refusing EQUALITY STAND AS 2 NEIGHBORS HAVE, CHOOSING 1991.
12 Million Armenians VOTE DECIDE 1st or 2nd, NOT OUTSIDER
NATIONS OR SECRET SERVICES: *YES FOR FREEDOM , NO FOR
SUBJUGATION *, LEADING SUNIK, THAN TOTAL ARMENIA LOSS.
1st REPUBLIC HAS INTERNATIONALLY RECOGNIZED IRREVOCABLE
BORDERS, NO BODY DARES TO DENY, INCLUSIVE TURKEY, RUSSIA,
AZERBAIJAN.