5 Դեկտեմբերէն աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 7 Դեկտեմբերին Փարիզի մէջ հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով մը, որուն մասնակցեցան շուրջ երկու տասնեակ ֆրանսական առաջատար լրատուամիջոցներ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն յայտնեցին, որ Յարութիւնեան ներկայացուց Ֆրանսա կատարած այցելութեան նպատակները, անդրադարձաւ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ պարբերաբար եւ յաճախակի դարձած յարձակողական վարքի դրսեւորումներուն, հետեւողական կերպով մարդասիրական հարցերու ստեղծման, թուարկեց այն սպառնալիքները, որոնք լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն սեփական հայրենիքին մէջ Արցախի ժողովուրդին գոյութեան համար: Ըստ անոր՝ Ֆրանսայի միջոցով ան կ՛ուզէ ուղերձ յղել եւրոպական բոլոր պետութիւններուն, որ միջոցներու ձեռնարկեն՝ կանխելու Ատրպէյճանի վերոնշեալ սանձարձակ պահուածքը, որուն աներկբայ կը սատարէ Թուրքիա:
«Մենք հասկանում ենք, որ Ադրբեջանի հետ Եւրոպան ունի նաւթագազային շահեր, սակայն մեր յորդորն է յարգել մեր ժողովրդի ինքնորոշման ու գոյութեան իրաւունքները եւ առկայ գործիքակազմերով թոյլ չտալ Ադրբեջանի ցեղասպանական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան իրականացումը: Այս իմաստով տեղին է նշել նաեւ վերջին երկու տարիների ընթացքում ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ կատարած յարձակումներն ու ՀՀ սուվերէն (գերիշխան) տարածքների բռնազաւթումները», ըսաւ Յարութիւնեան։

Հանդիպման ընթացքին ան պատասխանեց լրագրողներու զանազան հարցումներուն, ինչպէս նաեւ անջատ հարցազրոյց տուաւ «Ֆրանս Փրէս» պետական լրատուական գործակալութեան եւ հիւրընկալուեցաւ «France-24» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ:
Ասոր զուգահեռ, Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 6 Դեկտեմբերին, հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտի բոլոր խորհրդարանական խումբերու ղեկավարներուն եւ Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններու պատասխանատուներուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Ատրպէյճան հակամարտութեան կարգաւորման, Արցախ-Ֆրանսա կապերուն եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ միջխորհրդարանական կապերու զարգացման:
Խօսելով Ֆրանսայի, մասնաւորաբար անոր օրէնսդիր մարմնին հետ յարաբերութիւններու զարգացման հարցին մէջ Արցախի շահագրգռուածութեան մասին` նախագահը բարձր գնահատեց Ծերակոյտին եւ խորհրդարանին հետեւողական ջանքերը` Արցախի տագնապի լուծման ուղղութեամբ:

«Ֆրանսիայի Սենատի եւ Ազգային ժողովի կողմից Արցախի վերաբերեալ ընդունուած բանաձեւերը լաւ հիմք են Արցախի եւ Ադրբեջանի միջեւ հակամարտութեան համապարփակ եւ հաստատուն կարգաւորման համար: Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը եւ այդ իրաւունքի իրացման արդիւնքների ճանաչումը հակամարտութեան կարգաւորման միակ ճանապարհն է, որը երաշխաւորում է Արցախի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան պատշաճ մակարդակի ապահովումը», շեշտեց Յարութիւնեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով երեսփոխաններուն՝ բանաձեւերու ընդունման համար, Յարութիւնեան շեշտեց, որ այդ որոշումները քաղաքական ուղերձ են եւ բոլորովին կը համապատասխանեն Ֆրանսայի քաղաքական աւանդոյթներուն` հիմնուած ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան սկզբունքներուն վրայ: Ըստ անոր՝ հիմա առաւել կարեւոր հարց է այս քաղաքական ուղերձները իրականութիւն դարձնելը, անոնց իրական ուժ տալը: Այդ պարունակին մէջ, Յարութիւնեան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման ուղղութեամբ աշխատանքները աւարտին կը հասնին Ֆրանսայի գործադիր իշխանութեան կողմէ, ինչ որ թոյլ պիտի տայ կանխել հայերու նոր ցեղասպանութիւնը իրենց հայրենիքին մէջ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներուն կողմէ ընդունումը բանաձեւերու, որոնցմով կոչ կ՛ուղղուի՝ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը, օրինակ կը ծառայէ աշխարհի այլ երկիրներուն:
Ան ֆրանսացի խորհրդարանականներուն ներկայացուց նաեւ Արցախի մէջ տիրող յետ-պատերազմեան իրավիճակը: Ան մասնաւորապէս նշեց, որ Արցախը կապուած է Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհին հետ միայն մէկ ճամբով` 5 քիլոմեթր լայնքով Լաչինի միջանցքով:
«Ադրբեջանը ցանկանում է կտրել այդ միակ եւ վերջին կապը արտաքին աշխարհի հետ` խեղդամահ անելով Արցախը: Մենք ցանկանում ենք, որ Լաչինի միջանցքն ունենայ լրացուցիչ միջազգային երաշխիքներ Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի հետ Արցախի կապն անխափան ապահովելու համար», ըսաւ Յարութիւնեան։
Արցախը, ըստ Յարութիւնեանի, կ՛ակնկալէ Ֆրանսայի աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը նաեւ մարդասիրական ծրագիրներու կեանքի կոչման, գերութեան մէջ գտնուող հայերու վերադարձին եւ Ատրպէյճանի բռնագրաւած տարածքներուն մէջ վտանգուած հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը փրկելուն մէջ:
Հանդիպումներուն ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Մուրատ Փափազեան:
Արցախի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ֆրանսայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեանը եւ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, քննարկուեցան Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Յարութիւնեան պահանջուած եւ օգտակար նկատեց նման հանդիպումներ` արժեւորելով ՀՅԴի ներդրումը Արցախի զարգացման եւ զօրացման ու համազգային հարցերու լուծման առումով։