20 Դեկտեմբերի կէս գիշերին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացին Կուտականի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերու վրայ։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Առաւօտեան ժամը 8:30ի դրութեամբ՝ իրադրութիւնը սահմանին վրայ յարաբերականօրէն կայուն է: