Ուրուկուէյի Ծերակոյտը միաձայնութեամբ ընդունեց յայտարարութիւն մը, որեւն միջոցաւ Ատրպէյճանին կոչ կ՛ընէ՝ ազատ տեղաշարժ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքով: Այս մասին «Թուիթըր»ի միջոցով յայտնեցին Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցչութիւնը։
«Քանի մը վայրկեան առաջ Ուրուկուէյի Ծերակոյտը միաձայն կողմ քուէարկեց յայտարարութեան մը, որուն միջոցաւ կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճանին կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները եւ ազատ տեղաշարժ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքով՝ վերջ դնելով ճնշումներուն», կ՛ըսուի Հայ Դատի հաղորդագրութեան մէջ: