Արցախցի երկու տղաներ`13 տարեկան Ալէնը եւ 11 տարեկան Էրիկը արդէն ինն օրէ ի վեր կ՛ապրին առանց հօր եւ մօր. ծնողները Սիւնիք` յուղարկաւորութեան գացած էին եւ չեն կրցած վերադառնալ։ Այս տղոց նման, արցախցի բազմաթիւ ընտանիքներու անդամներ այժմ բաժնուած են իրարմէ՝ ատրպէյճանցի ցուցարարներուն կազմած պատին պատճառով:
Ճգնաժամը եւ շրջափակումը կը շարունակուին. Ըստ Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի` այնքան ատեն որ ատրպէյճանցի ցուցարարները հոն են, ամէն վայրկեան կրնան փակել հայկական ինքնաշարժներուն ճամբան եւ հսկիչ անցակէտ տեղադրել:
«Ճանապարհի կողքերին կանգնած են, եւ իրենք կարող են կանգնեցնել կամ չկանգնեցնել մեքենաները, երբ ուզենան, դրա համար մենք ասում ենք, որ դա անընդունելի է, եւ պէտք է դուրս գան ու չխանգարեն մեքենաների հանգիստ շարժմանը: Մեր կողմից դա միակ որոշումն է, որովհետեւ եթէ մենք ընդունում ենք, որ իրենք կարող են այնտեղ կանգնած լինել, նայեն` ինչ մեքենայ են թողնում ու ինչ մեքենայ չեն թողնում, դա դառնում է իրենց համար հնարաւորութիւն «կապեպէ» ստեղծելու», յայտարարեց նա:
Սննդամթերքի սուր ճգնաժամ առայժմ չկայ, բայց միրգ-բանջարեղէնի կրպակներուն մէջ արդէն միայն թանկարժէք արեւադարձային պտուղներ մնացած են:
Ստեփանակերտի մէջ 20 Դեկտեմբերին գումարուեցաւ շտապի նիստ: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան` ալիւրի պաշարները բաւարար են, հացի արտադրութեան վերաբերող հարցեր չկան: Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամը խանութներուն հաճար առաջարկած է՝ քիլոն 393 դրամով:
Վարդանեան պաշտօնեաներուն յանձնարարեց խնայել վառելանիւթը, վարել կազով աշխատող ինքնաշարժներ: Ան նաեւ յանձնարարեց ամէն տեսակի բեմագրութեան պատրաստ ըլլալ եւ համապատասխան քայլերու ծրագրել։ Հիմնական նկատելով բնակչութեան բնականոն կենսագործունէութեան ապահովման հարցերը` Վարդանեան անմիջական հարցերու արագ արձագանգելը եւ զանոնք շուտով լուծելը կարեւոր սեպեց։
Նիստին ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ ելեկտրականութեան մատակարարման, ջրամատակարարման եւ այլ ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն մէջ ընթացիկ իրավիճակը եւ խնայողութիւններուն վերաբերող քայլերը։
Նոյն օրը Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան գլխաւորեց Ապահովական խորհուրդի նիստին, որուն օրակարգին վրայ էր Արցախի մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական կացութիւնը։ Քննարկուեցաւ Արցախի ապահովութեան եւ ժողովուրդի կենսաապահովման համար ձեռնարկուող քայլերը եւ մարդասիրական աղէտի կանխարգիլման կարելիութիւնները:
Յարութիւնեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն հետ։ Քննարկուեցան Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած նոր իրողութեան պայմաններուն մէջ երկրի ապահովութեան երաշխաւորման վերաբերող հարցեր: