Պաշտօնական Թեհրան 20 Դեկտեմբերին՝ Լաչինի միջանցքի փակումէն 9 օր ետք, առաջին անգամ ըլլալով արձագանգեց Լաչինի միջանցքի արգելափակման. Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասըր Քանանի յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հարցը կը լուծուի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան միջոցով եւ խաղաղ ուղիով՝ հաստատելով, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը կը պահանջէ թոյլ չտալ որեւէ անհարկի լարուածութիւն։
«Մենք կը կարծենք, թէ 9 Նոյեմբեր 2020ի զինադադարին մասին եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու ամբողջական իրականացումը կրնայ վերջակէտ դնել երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն», յայտնեց ան՝ պատասխանելով իրանեան լրատուամիջոցներու հարցումին։