22 Դեկտեմբերի կառավարութեան նիստին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեղադրեց ռուս խաղաղապահ զօրախումբը՝ դիտել տալով, որ 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան 6րդ դրոյթին մէջ արձանագրուած անոր պարտաւորութիւնն է վերահսկողութեան տակ պահել Լաչինի միջանցքը, սակայն Ռուսիոյ զօրախումբը չի կատարեր այդ մէկը:
«Դէ ֆակտօ (իրողապէս) ստացւում է, որ եռակողմ յայտարարութեամբ արձանագրուած պարտաւորութիւնը, այն է՝ վերահսկողութեան տակ պահել Լաչինի միջանցքը, չի կատարում նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը: Ի հարկէ, նման բան տեղի է ունենում Ադրբեջանի ապօրինի գործողութիւնների հետեւանքով, բայց սրանից իրավիճակը չի փոխւում, որովհետեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախմբի առանցքային իմաստը հէնց դա է՝ թոյլ չտալ, որ նման ապօրինութիւն տեղի ունենայ եւ մասնաւորապէս՝ վերահսկողութեան տակ պահել Լաչինի միջանցքը», նշեց Փաշինեան:
Իր կարգին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ըսաւ, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերն են Լաչինի միջանցքով անխափան երթեւեկ իրականացնելու պատասխանատուն: Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան ըսաւ հետեւեալը. «Եռակողմ յայտարարութեամբ Լաչինի միջանցքն ամբողջովին ՌԴ խաղաղապահ ուժերի վերահսկողութեան տակ է: Եւ ՌԴ խաղաղապահ ուժերն են հանդիսանում միջանցքում անխափան երթեւեկութիւն իրականացնելու պատասխանատուն: Եւ, հաշուի առնելով Նոյեմբերի 9ի տեքստի(բնագիրի) շրջանակներում 3 պետութիւնների վերցրած պարտաւորութիւնները, խօսուել է նաեւ դրա մասին, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կատարի իր պարտաւորութիւնները, ապահովի անխափան ու անվտանգ երթեւեկութիւն»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս պարագային ռուսական կողմը ինչո՞ւ չի կատարեր իր պարտաւորութիւնը՝ Գրիգորեան յորդորեց հարցումը ուղղել Ռուսիոյ որեւէ կառոյցի:
Դիտարկման, թէ պէ՞տք է Հայաստանի իշխանութիւնը յղէ՝ ան արձագանգեց. «Մենք արդէն յղել ենք՝ ե՛ւ հրապարակային, ե՛ւ ոչ հրապարակային»:
Ռուսիոյ հասցէին ուղղուած այս սլաքներուն արձագանգեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ դիտել տալով, որ Ռուսիոյ խաղաղապահները կը կատարեն Լաչինի միջանցքի վերահսկողութեան հետ կապ ունեցող իրենց առջեւ դրուած պարտականութիւնները:
Պատասխանելով վարչապետ Փաշինեանի վերոյիշեալ յայտարարութեան՝ ան ըսաւ. «Ես կրնամ հակառակը ըսել՝ ռուս խաղաղապահները իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն: Գործողութիւններու կը ձեռնարկեն, աշխատանքներ կը տարուին: Կ՛ուզեմ յիշեցնել անոնց, որոնք չեն գիտեր, եւ որոնք կը հիմնուին քաղաքական յայտարարութիւններու վրայ, թէ մինչ այս բազմիցս սրացումներ եղած են, եղած են հարցեր, կողմերը զիրար մեղադրած են, եւ ինքնին ռուս խաղաղապահներն են, որոնք ամէն ինչ ըրած են իրավիճակը կայունացնելու համար, եւ յաջողած են: Այնպէս որ, մեր խաղաղապահներուն նկատմամբ նման վերաբերմունքը չ՛ընդունուիր», յայտնեց Զախարովա:
Այս նիւթին անդրադարձաւ նաեւ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով՝ յայտարարելով, որ ռուս խաղաղապահները ամէն բան կ՛ընեն, որ կարգ ու կանոն եւ խաղաղութիւն ապահովեն այն տարածքներուն մէջ, ուր կը գործեն: «Անոնք կը գործեն կողմերուն միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթերու ոգիին եւ տառին համապատասխան: Անշուշտ, մենք մեր հայաստանցի գործընկերներուն եւ դաշնակիցներուն հետ պիտի շարունակենք այս թեմայի քննարկումը», դիտել տուաւ ան:
Russia 290 years never protected Armenia interests UP TO THIS
MINUTE; 1991 “independence” was planed to classify Armenia
BELOW Georgia and Azerbaijan, ALLOWING THEM 1st Republic
continuation, but “organizing Karabagh Committee” to choose
2nd Republic continuation; 32 years pushing Armenia from-
SEVERAL WARS TO “RAT HOLE” POSITION WITHOUT EXIT…!!
Last SCENARIO CLOSING LACHIN CORRIDOR, DONE BY RUSSIAN
SOLDIERS, PROVED BY PICTURES, TO BLACKMAIL & OBTAIN
MEGHRY TOWN CORRIDOR, without Armenia CUSTOM
SUPERVISE, to NAKHICHEVAN, UNDER AZERBAIJAN RULE FOR
100 YEARS EXPIRED BUT NOT RETURNED TO ARMENIA, THINKING
TO ANNEX, UNDER 2nd Republic continuation *OBEYING OBLIGATION
TO KGB*, “SMELLING SIBERIA & FIRING SQUAD”, SUBJECT TO START
CIVIL WAR, TO KEEP FOREVER SUBJUGATION & OBEDIENCE ; MAINE
OBJECTIVE OF 3 SATANIC STATES, FINALLY DESTROY ARMENIA &
ARMENIAN QUESTION : *TO BE OR NOT TO BE?* that is the
question; if to be, vote *1st REPUBLIC CONTINUATION,s RECOGNIZED
BY ALL IRREVOCABLY 1918- 1920*. END.