
Ի հետեւումն Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական համահայկական յայտարարութեան, այս գիրով կոչ կ՛ուղղենք Հիւսիսային Ամերիկայի մերազն ժողովրդեան բոլոր զաւակներուն՝ ազգային, քաղաքական, դիւանագիտական, մարդասիրական, կրթական, ընկերային, տնտեսական, մարզական, մշակութային կառոյցներ, միութիւններ, խմբակցութիւններ, բարերարներ, բարեկամներ եւ անհատներ, որ առաւելագոյն չափով զօրակից դառնան հայ Արցախին ու հոն ապրող 120 հազար հաշուող կարիքաւոր հայութեան (ծերեր, տարեցներ, հիւանդներ, երիտասարդներ, հաշմանդամներ, պատանիներ ու մանուկներ):
Յատկապէս տօնական այս տագնապալի օրերուն, երբ հայկական Արցախը կը դիմագրաւէ մահու-կենաց խնդիր, երբ տակաւին փակուած կը մնայ արցախահայութիւնը Հայաստանին կապող «կեանքի ճամբան»՝ Լաչինի անցքը, մեզի կը մնայ Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին եւ բոլոր մակարդակներու վրայ ստեղծել մեր ամէնէ սիրելի Արցախին ու իր ժողովուրդին ապրելու կամքին ի նպաստ մթնոլորտ՝ մեր շրջանի ժողովուրդներու ուշադրութիւնը եւ միջազգային ընտանիքի միջամտութիւնը հրաւիրելով մեր հայրենեաց երկրի ու հայկական պետականութեան առաւել ամրապնդման եւ Արցախի հայութեան ճգնաժամային ներկայ վիճակէն դուրս բերման բոլոր անհրաժեշտ ու պիտանի կարելիութեանց վրայ, գլխաւոր նպատակ ունենալով Լաչինի անցքի շուտափոյթ վերաբացումը՝ իբրեւ մարդասիրական օգնութեանց միակ ճամբայ:
Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան տօներու մեր նուէրները հայութեան ամէնէն վիրաւոր հատուածին թող ըլլայ մեր եղբայրական, միասնական ու հզօր ձեռքը՝ համահայկական ճիգերով կարենալ դուրս բերելու համար Արցախն ու արցախահայութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ ստեղծուած ներկայ դաւադիր անելէն:
Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Առաջնորդ
Արեւելեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց Թեմի
Բաբգէն Արք. Չարեան, Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց Թեմի