
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Իմ գրասէր ընթերցող,
Վերջերս Վահէ Օշականի ստեղծագործական կեանքի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը՝ «Միջնարար»ը (բեմադրիչ՝ Հրայր Անմահունի) ղրկուեցաւ ինծի իմ լաւ ընկերներէն, յայտնի ջրանկարիչ տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանի կողմէ: Յղացք մը, որ լուրջ փորձ մըն է վեր հանելու այս գրական քուրմի ստեղծագործական արժանիքներն ու գեղարուեստական կերպարը: Յատկապէս հետաքրքրական ու շահեկան էին Մարք Նշանեանի ու Գրիգոր Պըլտեանի վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները, որոնք առիթ տուին ինծի նոր մտորումներու ու յիշելու առաջին հանդիպումս ու վերջին հեռաձայնային խօսակցութիւնս իրեն հետ…
«ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ԵՐԿ. ՎԱՐԺԱՐԱՆ, 1966, ԱՅՆՃԱՐ
Կազմակերպողը թէեւ «Մուսա Լեռ գրական խմբակ»ն էր, սակայն զինք հրաւիրողը բարձր դասարաններու հայերէնի ուսուցիչը՝ Պօղոս Սնապեանն էր: Որովհետեւ ի սկզբանէ որոշ գաղափար մը ունէինք անոր արտակեդրոն խառնուածքի մասին, անհամբեր էինք զինք տեսնելու ու լսելու:
Իբրեւ աննախընթաց ձեռնարկ՝ գիւղի գրասէր հասարակութիւնը եւս հրաւիրուած էր: Այնպէս որ, «Տիգրանեան» սրահին մէջ նոյնիսկ ոտքի կենալու տեղ չկար:
Վահէ Օշական աւելի համամարդկային հարցեր շօշափեց, քան՝ ազգային, եւ փոխանակ փառքը հիւսելու արեւ-մտահայ գրականութեան՝ ան արժեւորումը կատարեց որոշ վերապահութիւններով: Իսկ երբ մեր նախկին հայերէնի ուսուցիչը՝ Թովմաս Հապէշեանը հարց տուաւ.
– Ի՞նչ կարծիք ունիք ժամանակակից սփիւռքահայ գրողներու մասին:
Ան առանց բառերը ծամծմելու՝ պատասխանեց.
– Սփիւռքահայ գրողներ չկան այսօր, այլ կան քաղաքական «փողահարներ», որոնք գրականութեամբ ալ կը զբաղին:
Գիւղի մտաւորականներէն Թադէոս Պագալեանը ուզեց նեղը դնել զինք ու անմիջապէս հարցուց.
– Եթէ այդպէս է, ապա ո՞վ է Յակոբ Օշականը ձեզի համար:
Վահէ Օշական ամենայն հանդարտութեամբ շարունակեց.
– Նախ՝ ճշդեմ, որ Յակոբ Օշականը արեւմտահայ գրող է եւ ոչ թէ սփիւռքահայ: Թէեւ ես սկսայ գրել ընթերցելէ ետք անոր գրականութիւնը, գրող դարձայ շնորհիւ իր գրականութեան մէջ խորացման, սակայն ան անցեալի մարդ է: Այսօր մենք կ՛ապրինք Սփիւռքի մէջ, ունինք մեր խնդիրներն ու տագնապները. մեզի համար «ժամանակավրէպ» է անոր գրականութիւնը:
Ոչ ոք կը սպասէր նման պատասխաններ: Առաջին անգամն էր, որ կը լսէինք նմանօրինակ կարծիքներ, որոնք ոչ միայն կը հակասէին մեր ընբռնումներուն, այլ նաեւ տեղ մը «յուսախաբ» կ՛ընէին մեզ:
Ձեռնարկի աւարտին «Գրական խմբակ»ին խնդրանքով առանձին հանդիպում մը ունեցանք անոր հետ, ուսուցչարանը, ուր բնականաբար ներկայ եղան նաեւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Անոնց ներկայութեան, ան մեզ ըմբոստութեան կը մղէր թէ՛ անոնց եւ թէ բոլոր դաստիարակներու ու ղեկավարներու դէմ: Նոյնիսկ մէջբերում մը կատարելով՝ ըսաւ. «Վա՜յ այն ազգին, որուն երիտասարդները դժգոհ չեն», իսկ վերջաւորութեան խօսքը ուղղելով ուսուցիչ- ուսուցչուհիներուն՝ ըսաւ.
– Լաւ է, որ «մոլեռանդ» հայեր կը պատրաստէք հոս, Սփիւռքի գոյատեւման համար անհրաժեշտութիւն է. շարունակեցէք:
Իմ արդարամիտ ընթերցող,
Շատ լաւ կը յիշեմ, որ ան օգտագործեց «մոլեռանդ» բառը, որ կը հակասէր իր պարզած սկզբունքներուն: Այո՛, անդրադարձայ, որ հակասութեան մէջ է: Թէեւ քաջութիւնը չունեցայ արտայայտուելու, սակայն խորապէս տպաւորուած էի իր յանդուգն ու տարօրինակ կեցուածքներով:
Բոլոր պարագաներուն, սակայն, անոր «զարտուղի գաղափարները» թէ՛ նորութիւն էին եւ թէ՛ հետաքրքրական ու նաեւ՝ շահեկան մեզի համար, որովհետեւ այն օրերուն մենք ըմբոստ էինք ու հակամէտ՝ հակադրուելու մեր երէցներուն, ըլլայ ընկերային, կրթական թէ քաղաքական, ինչպէս նաեւ կրօնական գետնի վրայ:
Ան իրեն հետ բերած էր «Քաղաք»ը գիրքը, զոր նուիրեց դպրոցին: Իր մեկնելէն ետք խնդրեցի, որ նախ ինծի տրամադրուի, սակայն մերժուեցայ. «Տակաւին կանուխ է», ըսին:
Շուրջ տարի մը ետք Սնապեանը օրինակ մը նուէր բերաւ ինծի: Կարդացի, աւելի ճիշդը՝ ճիգ ըրի կարդալու: Իսկ եթէ աւելի անկեղծ պիտի ըլլամ, պէտք է խոստովանիմ, որ պարզապէս ինքզինքիս ստիպեցի, որ ընթերցեմ: Առանձին հատուածներ եւ կամ նախադասութիւններ բաներ մը կ՛ըսէին, սակայն ընդհանուրին մէջ բան չէի հասկնար: Նկատի առէք, որ մինչ այդ, իբրեւ քաղաք, ես տեսած էի գիւղաքաղաքի մը՝ Զահլէի փողոցները, սրճարաններն ու սինեմաները, իսկ բնաւ գաղափար չունէի, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլան քաղաքի եկեղեցիները եւ կամ յատկապէս «քապարէներ»ն ու պոռնկատուները: Միայն հասկցայ, որ անկեղծ, խիզախ, ազատախոհ գրողի մը հետ է գործս:
«ԲԱԳԻՆ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ, 1975, ԱՄԱՌ, ՊԷՅՐՈՒԹ
Հայաստանէն բերած տրցակ մը գիրքեր, թերթեր եւ որոշ «թարմ տեղեկութիւններ» յանձնեցի Սնապեանին, որ իր հերթին տուաւ ինծի «Բագին»ի որոշ թիւեր։ Այդ տարիներուն Սնապեանի եւ հայրենի ազգայնական շարք մը մտաւորականներու հետ կապ կը պահէի՝ միշտ բարձր պահելով թէ՛ «Բագին»ի եւ թէ՛ խմբագիրին վարկն ու հեղինակութիւնը: Այդպէս թելադրուած էր ինծի: Պէտք է վկայեմ, որ Սնապեանն ալ իր հերթին, իբրեւ հաւատարիմ կուսակցական, ամենայն պարկեշտութեամբ կ՛իրագործէր Վերէն եկած որոշումները… Երբ հարց տուի, թէ ի՞նչ յատկանշական նորութիւններ կան գաղութին մէջ, ան դարակէն հանեց «Երիտասարդ Հայ»ի մէկ համարը, Վ. Օշական ստորագրած ու «Նոր Հայրենիք» խորագրուած յօդուածի էջը բանալէ եւ առջեւս դնելէ ետք հեգնանքով ըսաւ.
– Կարդա՛ եւ վայելէ:
Կարդացի եւ վայելե՜ցի… բայց ո՛չ հեգնանքով, այլ ամենայն լրջութեամբ ու… մտահոգուեցայ։ Հապա՞ եթէ ճիշդ էին Վահէ Օշականի քննադատութիւնները… Խնդրայարոյց յօդուած մըն էր, որ փոթորիկ ստեղծած էր գաղութին մէջ: Հակառակ անոր որ իր արտայայտած միտքերէն շատեր կասկածելի ու ծայրայեղական կը թուէին այդ օրերուն։
Այս անգամ ոչ միայն տպաւորուած, այլ նաեւ ուղղակի հիացած էի իրաւութեամբ դատելու անոր համարձակ ու յանդուգն կեցուածքներով… Ու անհուն ցանկութիւն մը ունեցայ վերստին ընթերցելու «Քաղաք»ն ու այլ գործեր եւս: «Քաղաք»ը ձեռքիս տակն էր, իսկ Սնապեանը, հակառակ անոր որ լուրջ վերապահութիւններ ունէր վկայուած գրողներու եւ մասնաւորաբար Վ. Օշականի հանդէպ, տրամադրեց ինծի «Քառուղի»ն եւ «Բագին»ի քանի մը համարներ: «Քաղաք»ն ու քանի մը բանաստեղծութիւններ ընթերցեցի… առանց մասնաւոր տաղտուկ զգալու, իսկ «Քառուղի»ն սկսայ, բայց չկրցայ շարունակել… Այնուամենայնիւ, թէեւ Վ. Օշականը աւելի բարձրացաւ աչքիս, սակայն իբրեւ գրողի՝ չկրցայ գնահատել ու որոշել իր տեղը։
Այդ օրերուն Սնապեանը հեղինակութիւն էր մեզի համար, կը սպասէի, որ իր կարծիքը տայ, սակայն միշտ կը խուսափէր: Իմ հարցումներուն կա՛մ չէր պատասխաներ, կամ ալ երկիմաստ եւ լպրծուն բացատրութիւններ կու տար: Խնդիրը այն էր, որ ան մասնագիտական կրթութիւն ստացած չըլլալու բարդոյթէ կը տառապէր: Սակայն այդ բացը լրացնելու համար կը դիմէր ինքնաշխատութեան եւ ոչ միայն անխոնջ աշխատող մըն էր, այլ նաեւ շատ լաւ գիտէր իր շուրջիններուն ու գրասէր ծանօթներուն աշխատցնել, ի նպաստ «Բագին»ին: Բացի ինձմէ, յատկապէս եղբօրմէս՝ Պետիկէն, եւ իր աշակերտներէն, գործի կը լծէր նաեւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի (արխիւագէտ), Աւօ Թումայեանի (արխիւային լուսանկարներու շտեմարան) եւ Յակոբ Իսկէնտերեանի (գիրքերու մեծ հաւաքածոյի տէր) նման մտաւորականներ, որոնք բոլորն ալ սիրայօժար կերպով կ՛օժանդակէին իրեն՝ յանուն «Բագին»ի որակի բարելաւման: Իմ պարագայիս, խոստովանիմ, որ խմբագրական գետնի վրայ որոշ բաներ կը սորվէի նաեւ: Այնուամենայնիւ հետագային հասկցայ, թէ Վ. Օշականի գրականութիւնը անհասկնալի «բարդ» աշխարհ մըն էր իրեն համար: Իսկ այդ «անհասկնալիութեան բարդութիւնը» փոխանցուած էր նաեւ ինծի եւ ուրիշներու:
Տարիներ ետք, երբ արդէն ծանօթ էի տատայական շարժումին, ենթագիտակիցի գործօնին ու որոշ չափով նաեւ՝ անհեթեթի ու գերիրապաշտ գրականութեան (Փիրանտելլօ, Ժան Ժընէ, Պեքեթ, Ափոլիներ, Արակոն, Պրեթոն…), առիթ ունեցայ ընթերցելու «Ահազանգ»ը: Եթէ ատկէ առաջ կը զգայի, որ մեծութեան մը դիմաց կը գտնուիմ, հիմա արդէն մեծութիւններուն յատուկ հսկայ ու անպարագիծ աշխարհ մը կը բացուէր առջեւս, թէկուզ՝ առանց կարենալ ամբողջութեամբ թափանցելու անոր հոգեմտաւոր խորագոյն ալքերն ու մտնելու անհունութեան բարձրագոյն ոլորտները:
Այնուամենայնիւ Վահէ Օշական ինծի համար մնաց իբրեւ ըմբոստ, արտակեդրոն, խորիմաստ ու ինքնատիպ գրող մը: Եւ եթէ կարելի է անոր արտայայտած մտքերուն ու գաղափարներուն վերապահութեամբ մօտենալ, ապա կարելի չէ կասկածի տակ առնել անոր իրաւութիւնն ու խիզախութիւնը:
1988 ԿԱՄ 1989, ՊԷՅՐՈՒԹ
Թուականը կարելի է ճշդել, որովհետեւ Վահէ Օշականի Պէյրութ վերջին այցելութիւնն էր: Բանաստեղծուհի ու գրականագէտ՝ Շուշիկ Տասնապետեանը հեռաձայնեց.
– Մովսէ՛ս, ներկայ չէիր Վահէ Օշականի նուիրուած ձեռնարկին, որ շատ հետաքրքրական ու յաջող անցաւ: Սակայն սեղմ շրջանակի մէջ իրեն հետ հանդիպում մը եւս կազմակերպուած է, վաղը «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը… դարձեալ Համազգայինի նախաձեռնութեամբ: Ան կը փափաքի, որ դուն ալ ներկայ ըլլաս:
– Բայց, Շուշի՛կ, անիկա զիս չի ճանչնար, ուրկէ՞ ո՛ւր։
– Նայէ, սխալ մի՛ հասկնար, խօսքը Պետիկի մասին է, հարցումներ ունի քեզի, աւելին չեմ գիտեր, անպայման եկուր, չմոռնաս:
Իմ պարտաճանաչ ընթերցող, խոստացայ, բայց չգացի: Չգացի, որովհետեւ այդ օրերուն Սնապեանի ներկայութիւնը այնքան ալ հաճելի չէր ինծի համար: Յաջորդ օրը Շուշիկը դարձեալ հեռաձայնեց.
– Մովսէս, ինչո՞ւ չեկար, ընկեր Վահէն լուրջ խօսելիք ունի հետդ։
– Թող ներէ ինծի, չկրցայ գալ, բայց եթէ կ՛ուզէ, որ հանդիպինք օր մը, ես կը յարմարիմ իրեն:
– Չ՛ըլլար, շուտով պիտի մեկնի եւ ժամանակ չունի, բայց հիմա քովս է, կ՛ուզէ խօսիլ հետդ:
Վահէ Օշականը Պետիկը անձամբ կը ճանչնար: Յաւուր պատշաճի իրարու որպիսութիւնը հարցնելէ ետք, ըսաւ.
– Կը ցաւիմ, որ Պետիկը չկայ: Ինծի ձօնուած իր մէկ բանաստեղծութեան պատճէնը ընկերներէս շատեր ղրկեցին ինծի (ան տուաւ քանի մը անուններ, որոնցմէ միայն Մովսէս Պչաքճեանը կը յիշեմ): Իրականութեան մէջ ատիկա երգիծանք չէ, սակայն այդ չէ խնդիրը, կ՛ուզեմ գիտնալ, թէ այդ ոճով ուրիշ բանաստեղծութիւններ ալ գրած ունի՞։
– Կը կարծեմ, որ ո՛չ, չունի, սակայն եթէ գրած եւ պահած է, չեմ գիտեր:
– Եթէ պատահի, որ ձեռագիրներուն մէջ նմանօրինակ բան մը գտնէք, ղրկեցէք ինծի: Պօղոսն ալ տեղեակ չէ, սակայն լաւ պիտի ըլլար, եթէ երեքով՝ Պօղոսին հետ հանդիպէինք առիթով մը. խօսելու բան կայ։
– Շա՛տ լաւ, դուք որոշեցէք ես կը յարմարիմ:
Դժբախտաբար հանդիպումը չկայացաւ, ու ես չգիտցայ, թէ ի՛նչ պիտի հարցնէր եւ մանաւանդ հետաքրքրական էր իմանալ, թէ ի՛նչ էր իր կարծիքը Պետիկին գրականութեան մասին առհասարակ: Սակայն զիս զարմացնողը եղաւ այն, որ ինք շատ բնական ու կիրթ ձեւով զրուցեց հետս: Թէ ինչո՞ւ կը սպասէի, որ իր գրականութեան պէս տարօրինակ ու անհեթեթ ձեւով պիտի արտայայտուէր… չեմ գիտեր։
Այնուամենայնիւ ես անդրադարձայ, որ այս Անուղղայ Ուղղամիտը, ոչ թէ ինք «Խուճապ»ի մատնուած տագնապահար մըն է, որ «Ահազանգ» կը հնչեցնէ, այլ այդպէս է իր տեսած ու ապրած կեանքը, զոր իր հոգեմտաւոր պրիսմակեն անցընելէ ետք տարերայնօրէն (գուցէ ենթագիտակցաբար) կը դրսեւորուի…
Իմ բանիմաց ընթերցող,
Թոյլ տուր խոստովանիմ, որ Վ. Օշականի խոր ու անպարագիծ գրականութեան մէջ առաւել թափանցելու գեղարուեստական ներուժն ու համապատասխան պատրաստուածութիւնը տակաւին կը պակսին ինծի: Նախ՝ անոր համար, որ իր ստեղծագործութիւններէն փոքր տոկոս մը միայն կարդալու առիթը ունեցած եմ, եւ ապա իր արուեստը բացայայտելն ու մեկնաբանելը ոչ միայն յաւելեալ խորացում ու մտքի թռիչք, այլեւ առանձին մասնագիտութիւն կ՛ենթադրէ: Վահէ Օշականի գրականութեան լաւագոյն գիտակներն ու մեկնաբանները Գրիգոր Պըլտեանն ու Մարկ Նշանեանը ըլլալու են: Հետաքրքրուողներուն կ՛առաջարկեմ դիտել վերոյիշեալ ժապաւէնը, որուն կապը այս է https://youtu.be/Gp9sHY1hzoo:
Իսկ իմ հասկցածս եղաւ հետեւեալը.
Վահէ Օշական իր «որոնումներուն» ընթացքին իր մէկ բանաստեղծութեան մէջ, զգուշացնելէ ետք մարդոց, կը կանչէ. «Հէ՜յ, մէկը կա՞յ տիեզերքի մէջ», իսկ Ուիլեըմ Սարոյեան իր մէկ թատերախաղին մէջ ձայն կու տայ՝ «Հէ՜յ, ո՞վ կայ այնտեղ»:
Արտաքնապէս կը թուի, որ երկուքն ալ գլխագիր Մարդ կը փնտռեն, առաջինը տիեզերքի, իսկ երկրորդը՝ գետնի վրայ: Տպաւորութիւնս այն է սակայն, որ այս երկու հսկաները, հակառակ անոր որ արտայայտչական գետնի վրայ իրարու ներհակ տարածքներու վրայ կը խուսանաւեն, աստուածայինը կ՛որոնեն մարդուն մէջ (հին եգիպտացիներու նման), իսկ մարդկայինը՝ Աստուծոյ մէջ (հին յոյներուն նման) առանց նժարի վրայ դնելու սակայն իրենց հաւատքն ու Աստուծոյ գոյութիւնը:
Իսկ թէ ո՛րն է աստուածայինի ու մարդկայինի խաչաձեւման կամ բախման կէտը, տակաւին կը մնայ անլոյծ, անթեղուած ու խորհրդաւոր: Հոս է, որ «ըլլալ չըլլալ» ու յաւիտենական հարցը ի յայտ կու գայ ու կը շարունակէ բանեցնել, տագնապեցնել ու տառապեցնել մարդկային ստեղծագործ մտքի հանճարը…