«Գնահատագիրս»
ՍԱԼԲԻ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

1970ականէն մինչեւ 80ական թուականները, «Ասպարէզ»ի խմբագիր Քրիստափոր Բագրատունի գրեթէ ամէն առտու, «Ասպարէզ»ի թարմ տպագրուած թերթէն մէկը ձեռքը բռնած՝ փոքրաթիւ աշխատակիցներուս հարց կու տար. «Այսօրուան թերթը կարդացի՞ք…». կամ՝ «Այսօրուան թերթը ձեզմէ մէկը կարդա՞ց…», կամ՝ «Այսօրուան թերթը աչքէ անցուցի՞ք…»
Այս կողմ, այն կողմ կը նայէինք իւրաքանչիւրս, որովհետեւ տալիք պատասխան չունէինք։
Օր մը, սակայն, համարձակեցայ հարցումին պատասխանել. «Ասպարէզ»ը կը գրաշարեմ, բայց չեմ կարդար»։
«Ապրի՜ս, ուրեմն սխալներդ չես ուզեր տեսնել», ըսաւ ան։
Լուռ ժպիտները ծիծաղի վերածուեցան։
Խմբագիրն ալ մասնակցելով ծիծաղին՝ ըսաւ.
«Բացատրեմ հարցումս եւ ակնարկս։ Քիչ յետոյ, դուք ալ նկատած պէտք է ըլլաք, անշուշտ, որ ընկեր Ցոլակը պիտի գայ՝ թեւին տակ «Ասպարէզ»ը։ Լա՛ւ հասկցէք, գնահատանքս, գնահատագիրս միայ՛ն ընկեր Ցոլակէն կը ստանամ։
Եւ…
Ընկեր Ցոլակը կարծես լսած ըլլար այդ խօսակցութիւնը, «Ասպարէզ»ը թեւին տակ՝ մշտական ժպիտը դէմքին, դրան մուտքին կեցած՝ խօսեցաւ.
«Բարե՛ւ տղաք, կրնա՞մ վայրկեան մը ձեր խմբագիրը գողնալ»։
Երկու ընկերները միասնաբար դուրս ելան խօսակցելով։
Կը լսուէր…
«Սէնօ ջան»
«Այո՛ Ցոլակ»։
***
Որքա՜ն հաճելի էր տեսնել եւ լսել երկու ընկերներու մտերմութիւնը։
***
Այսօր, կը մտաբերեմ նման գողտրիկ դէպքեր եւ կը զարմանամ, թէ որքա՛ն անկեղծութեամբ իրարու հետ կը խօսէին պարզ ու առանց վերապահութեան, խմբագրականներէն սկսեալ մինչեւ զանազան յօդուածներ քննադատելով, սխալները մատնանշելով, եւ այդ բոլորը առանց վէճ-վիճաբանութեան, սիրո՛վ ու յարգանքով, երկուստեք գոհ. խոստանալով դարձեալ հանդիպիլ։
Այդ էր խմբագիրին գնահատագիրը։
Խմբագիր Քրիստափորը, Սէնօ էր ընկեր Ցոլակին համար, իսկ ընկեր Ցոլակը՝ Ցոլակ։
Մտերմութիւնը բացայայտ էր։
Ընկեր խմբագիրին դաստիարակութեամբ, սակայն, բոլորի՛ս համար ընկերը՝ ընկեր Ցոլակ էր։
***
Այդ տարիներուն, ընկեր Ցոլակին ծննդեան երկիրը կամ քաղաքը անյայտ էր, որովհետեւ ընկեր Ցոլակը քիչ մը ամէն «տեղացի» էր. իսկակա՛ն սփիւռքահայ, որուն բնակավայրը կամ ծննդավայրը կարեւոր չէր, այլ՝ հողը բերրի…
Հայերէնը,
Հայոց Լեզուն,
Հայ Թերթը:
Հայ թերթը, թերեւս այլոց աչքերով, «նիհար ու ճղճիմ» էր, բայց հայու աչքերով՝ ինչպէս ընկեր Ցոլակին, հարու՛ստ ու շողարձակ։
Ընկեր Ցոլակին, մեր խմբագիրին հետ ունեցած մտերմական այդ զրոյցները, նո՛յնիսկ՝ դիտաւորեալ սխալներու վերաբերող, գնահատագիրներ էին ընկեր Քրիստափորին համար, ի՛ր իսկ բնութագրումով։
***
Այսօ՛ր, լրիւ կ՛ըմբռնեմ դարադարձի սեմը անցած մեր ընկեր Ցոլակին եւ մեր խմբագիրին մտերմութեան եզակի՛ ու անմահական «շրջուն հողի սէրը» հայերէ՛նի, հա՛յ թերթի։
Ընկեր Ցոլակը, իր ծննդեան դարադարձը կտրած ու անցած, տակաւի՛ն կը շարունակէ խմբագրատուն յաճախել եւ իր գնահատագրերը բաժնել։
***
Ոչ միայն իմ, այլ՝ բոլորի՛ս մաղթանքն է, որ մեր խմբագիրները կարենան ընկեր Ցոլակին գնահատանքին արժանանալ, օրհնաբեր երկա՜ր տարիները։
8 Հոկտեմբեր 2018