
17 Յունուարէն սկսեալ, արցախցիներուն պիտի տրամադրուին կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն, կանաչ եւ դեղին կտրօններ՝ սովին դիմակայելու համար, իսկ Ուրբաթ օրէն սկսեալ անոնք խանութներէն կրնան գնել մէկ լիթր ձէթ եւ մէկական քիլոկրամ բրինձ, մաքարոն, հնդկաձաւար ու շաքար:
«Խմբաքանակը տրամադրուելու է անձին կտրօնը ձեռք բերելուց յետոյ, որի դէպքում անձը կարող է դիմել տնտեսվարող սուբյեկտին (խանութիւն) եւ կտրօնում նշուած ժամկէտներում ու կտրօնում նշուած չափով ձեռք բերել տուեալ սննդամթերքը», յայտնեց Արցախի բնակարանային կոմիտէի ներկայացուցիչ Գոհար Պօղոսեան:
Ըստ անոր՝ Ստեփանակերտի դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ 19 կէտեր բացուած են կտրօններ ստանալու համար. գիւղերուն մէջ անոնք պիտի տրամադրուին գիւղապետարաններուն մէջ։
Ձէթ եւ բրինձի կտրօն կրնան ստանալ ոչ միայն Արցախի մէջ արձանագրութիւն ունեցողները, այլ նաեւ այն անձերը, որոնք ժամանակաւոր եկած եւ մնացած են շրջափակման մէջ. «Մէկական կիլոգրամ եւ մէկ լիտր ձէթ, բայց այդ խմբաքանակը միաժամանակ մէկանգամեայ չի կարողանայ ինքը ձեռք բերել այդ բացի ձէթից, որը տրամադրուելու է անմիջապէս մէկ ամսուայ համար, մնացած բոլոր խմբաքանակները 15 օրուայ կտրուածքով են տրուելու»:

«Ազատութեան» լրագրողը կը յայտնէ, որ կտրօնային համակարգի անհրաժեշտութեան մասին արցախցիները կը խօսէին շրջափակման առաջին իսկ տասնօրեակին, երբ խանութներու դարակները դատարկուեցան, իսկ կառավարութեան պահեստներէն տրամադրուող մթերքը շատ արագ կ՛անհետանար վաճառատուներէն. մթերք կը հասնէր անոր, որ ծանօթ խանութպան ունէր կամ ալ մնայուն կերպով կը հետեւէր, թէ ո՛ր խանութը ո՛ր պահուն ինչ ստացաւ:
«Մարդ կայ՝ թոշակառու է, չի հասցնում, փոքր երեխայ ունի, չի հասցնում, բայց գոնէ տենց արդէն գիտի, որ իր բաժինը խանութում է, պիտի գնայ, վերցնի», կ՛ըսէ Ստեփանակերտի բնակիչ Զինա Նաջարեան, որ 16 Դեկտեմբերին խանութ գացած եւ հոնկէ վերադարձած է ոգեւորուած՝ թթուասեր, կաթ եւ մածուն կար արցախեան արտադրութեամբ:
Վիճակը դէպի վատթարացում կ՛ընթանայ ելեկտրականութեան ընդհատումներու առաւել յաճախակի դառնալուն պատճառով, որովհետեւ շատ ցուրտ է եղանակը: Արցախը շրջափակման վեցերորդ շաբաթը սկսաւ ելեկտրականութեան երկարող անջատումներով: Անջատումներու երկու ժամուան դրութիւնը պիտի կրկնապատկուի. հարցը նոյնն է՝ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած տարածքին մէջ Հայաստանէն սնուցուող միակ բարձրավոլթ գիծը վնասուած է. ատրպէյճանցիները չեն արտօներ մօտենալ տարածքին՝ վերականգնելու խանգարումը, իսկ տեղական հոսանքը 24 ժամեայ մատակարարման չի բաւեր:

Սակայն արցախցիները տակաւին կը դիմանան։ «Փորձում են մեզ ընկճել դրանով, մենք դիմանալու ենք ե՛ւ ցրտին, ե՛ւ քաղցին, ե՛ւ ամէն ինչին», յայտնեց անոնցմէ մէկը:
Կրթական հաստատութիւններուն եւ դպրոց-մանկապարտէզներուն մէջ եւս խնայողական խիստ դրութիւն կայ. երկար օրեր չկան. մանկապարտէզները ընդհանրապէս չեն գործեր, որովհետեւ փոքրիկները կարելի չէ կերակրել:
Նախորդ օրերուն Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի բեռնատարը Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ տրամադրուած դեղորայք եւ այլ պարագաներ տեղափոխեց Արցախի բժշկական հաստատութիւնները:
Genocide is in progress. What happened to “never again” slogan?
Armenians of the world. What are you prepared to do?