Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 16 Յունուարին Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցաւ պատգամաւորներուն հետ, խօսեցաւ աւելի քան մէկ ամիս տեւող շրջափակման արդիւնքներուն, ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները դիմագրաւելու նպատակով ձեռնարկուող քայլերուն մասին: Նախագահ Յարութիւնեան շեշտեց, որ այս առումով շատ կարեւոր է ներքին միասնականութեան պահպանումը՝ ընդգծելով խորհրդարանական ուժերուն կողմէ այս օրերուն իրականացուող միահամուռ աշխատանքը:
Անդրադառնալով վերջին օրերուն մամուլի եւ համացանցային էջերուն վրայ շրջան ընող եւ Արցախի ներքաղաքական կեանքին վերաբերեալ բուռն քննարկումներուն՝ ան շեշտեց, որ զերծ կը մնայ եղած շահարկումները մեկնաբանելէ, սակայն կը հաստատէ, որ Արցախի մէջ ներքաղաքական ճգնաժամ չկայ եւ կարելի չէ նման բան արտօնել, որովհետեւ կայ յստակ գիտակցութիւն մը, որ մեր հիմնական օրակարգը ծագած հրատապ հարցերը յաղթահարելն է եւ Արցախը այս իրավիճակէն դուրս բերելը: Այդ ծիրին մէջ, ան շեշտեց, որ միայն շրջափակման յարուցած ճգնաժամի յաղթահարումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ անդրադառնալ ներքաղաքական հիմնահարցերու համակարգային լուծման հարցերուն:
Մինչ այդ, 15 Յունուարին Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ, անդրադառնալով Արցախի մէջ պետական անձնաւորութիւններու հրաժարականին մասին շրջան ընող լուրերուն՝ գրած է, որ չի պատրաստուիր հրաժարիլ, յատկապէս ներկայի վիճակին մէջ: «Միեւնոյն ժամանակ, անընդունելի է երկրի նախագահի, հետեւաբար՝ նաեւ խորհրդարանի հնարաւոր հրաժարականը: Բոլորիս ջանքերը պէտք է բազմապատկել՝ յաղթահարելու Արցախի առաջ ծառացած մարտահրաւէրները: Այս իրավիճակում մենք թշնամու օրակարգը սպասարկելու եւ յանձնուելու իրաւունք չունենք: Մենք հիմա Արցախը հայկական պահելու իրական հնարաւորութիւն ունենք: Բոլորին քաղաքական ողջախոհութեան եւ համերաշխութեան կոչ եմ անում», կ՛ըսուի գրառման մէջ:
Most important interview with Prof. Alexander Manasian with Noyan
Dapan; giving existence of International documents and facts, proving
Armenia irrevocable rights against INVALID, ILLEGAL RIGHTS ON OUR
TERRITORIES by Azerbaijan, occupied illegally even by there Signing.
IGNORED BY KARABAGH COMMITTEE, AS ACTIVE PRO BOLSHEVIK
AGENTS , HELPING TO LOSE 35%, BY SIGNING ILLEGAL “GIVE UPS”,
WITHOUT PARLIAMENT BUT IN THIS CASE BY REFERENDUM, AS FINAL
OWNER *IS* POPULATION.. MOREOVER INTRODUCING NON ARMENIAN
ATMOSPHERE IN SCHOOL BOOKS, ACCEPTING PROPOSED ILLEGALITY
AS CORRECT; MANIPULATING EVERYTHING **AS A 3 CARD CROOK
SWINDLE MANIPULATOR**.. END OF THIS MONTH *PAN ARMENIAN
EXPERTS & LAWYERS* WILL TRY TO FIND LEGAL APPROACH FOR THIS
NATIONAL CRISIS, PROVOKED BY ASSOCIATED INTERNATIONAL CROOKS
TRY TO PERSUADE ARMENIANS TO LOSE LAND, CULTURE, EXISTENCE ,
“BETTER TO LIVE LIKE HUMBLE SLAVE THAN FREE CITIZEN”.
1st Republic continuation, WILL RE STORE NATIONAL LOST PRIDE, TO
LIVE AND PROSPER ***AND READY TO DIE TO KEEP NEW FREEDOM***.