«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ Եաէլ Պրոն-Փիւէ յայտնեց, որ իր երկիրը չի հասկնար Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի իրենց հասցէին քննադատութիւնը:
«Մենք չենք հասկնար Ալիեւի քննադատութիւնը, որովհետեւ Ֆրանսա միշտ ուզած է գործել՝ ի նպաստ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին, ի նպաստ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կայունացման, որպէսզի Հարաւային Կովկասը դառնայ կայուն տարածաշրջան մը: Կը կարծենք, թէ Ատրպէյճան նոյնպէս կը կիսէ խաղաղութեան հաստատման այս նպատակը, առ այդ, պէտք է իրականացնել այն գործողութիւնները, որոնք կ՛առաջնորդեն այդ խաղաղութեան հաստատման, մասնաւորապէս՝ բանալ Լաչինի միջանցքը եւ ազատ արձակել ռազմագերիները, որոնք տակաւին կը պահուին Ատրպէյճանի մէջ: Մենք միշտ պատրաստ ենք քննարկելու բոլոր կողմերուն հետ, որովհետեւ կը կարծենք, թէ միայն խաղաղութիւնը կրնայ տարածաշրջանին մէջ ապահովել շարունակական կայունութիւն», դիտել տուաւ Պրոն-Փիւէ:
Ան նշեց, որ ֆրանսական կողմին նպատակն է տարածաշրջանին մէջ հասնիլ խաղաղութեան հաստատման: «Բնականաբար, մեր եւ կառավարութեան նպատակները նոյնն են, եթէ նոյնիսկ եղանակները տարբեր ըլլան: Մենք նախ եւ առաջ կառավարութեան հետ կը շարունակենք երկխօսութիւնը, որպէսզի հասնինք միացեալ համաձայնութեան, բայց նպատակները մէկն են, այն է՝ տարածաշրջանին մէջ հասնիլ խաղաղութեան հաստատման այն միջոցներով, զորս մենք ունինք մեր տրամադրութեան տակ եւ նկատի ունենալով այն տեղը եւ դերը, զորս մենք ունինք: Բայց, ինչպէս գիտէք, Ֆրանսա կը գործէ շատ տարբեր հարթակներու վրայ՝ ըլլան երկկողմ յարաբերութիւնները, բազմակողմ յարաբերութիւնները եւրոպական հարթակներու վրայ: Եւ մեր նպատակն է միջազգային համայնքը, միջազգային հանրութիւնը միաւորել՝ ի շահ այս հարցի խաղաղ կարգաւորման: Եւ այդ կարգաւորումը, բնականաբար, պէտք է ներառէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը, պահպանումը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան երաշխաւորումը», շեշտեց Պրոն-Փիւէ: