Ատրպէյճանի իշխանութիւններու եւ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ ուղիղ կապերը այլընտրանք չունեն, յայտարարեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար՝ «Նիուզ»ին տուած մեկնաբանութեան մէջ:
«Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ ուղիղ եւ տեսանելի քննարկումներու մեկնարկը ճիշդ ուղղութեամբ քայլ է, եւ պէտք է զայն ողջունել: Ուղիղ կապերը այլընտրանք չունին, երբ խօսքը տարակարծութիւնները հասցէագրելու մասին է, որ պէտք է տեղի ունենայ բացառապէս բոլոր առնչակից շահագրգիռ կողմերուն միջեւ բանակցութիւններուն միջոցով», նշեց ան։
Ըստ «Նիուզ»ի՝ Քլաար շեշտեց, որ երկխօսութիւնը պէտք է միտուած ըլլայ վստահութեան ձեւաւորման, եւ ոչ թէ առճակատումը բորբոքելուն:
«Բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ զերծ մնալու բացասական հռետորաբանութենէն եւ կեդրոնանալու փոխզիջումներով լուծումներ գտնելու վրայ, որ պիտի հասցէագրէ բոլոր կողմերուն ունեցած օրինական մտահոգութիւնները», նշեց Քլաար։
Ըստ նոյն լրատուամիջոցին՝ ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց զինադադարի խախտումներուն գծով եւ կոչ ուղղեց՝ ամբողջութեամբ վերականգնելու Լաչինի միջանցքով երթեւեկը: