

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ իբրեւ ձեռնարկի հովանաւոր իր մասնակցութիւնը բերաւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդին կողմէ՝ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչ դոկտ. Վիվիան Էքճեանի մեծարումին, որ տեղի ունեցաւ 13 Մարտին։ Ան հանդիսացաւ գաւառին «Տարուան կինը» տարեկան 38րդ ձեռնարկին ընթացքին տարբեր բնագաւառներէ մեծարուած 13 կիներէն մէկը։ Մեծարումը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող Sheraton Grand պանդոկի «Քալիֆորնիա» սրահին մէջ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը առաջադրած էր դոկտ. Վիվիան Էքճեանի անունը։
Դոկտ. Էքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար եւ դրուատեց յատկապէս վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրը, որ ամէն առիթի նեցուկ կանգնած է Կլենտէյլի կրթաշրջանին։
Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանին մէջ 35 տարիներու աշխատանքի փորձառութիւն ունեցած դոկտ. Էքճեան եղած է ուսուցիչ, տնօրէն, դասաւանդութիւններու պատասխանատու, վերահսկիչ անձնակազմի պետ եւ շրջանային վերահսկիչ։ Ան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումներ կատարելու պայքարին մէջ եւ արժանացած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի մրցանակին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման մարզին մէջ իր ունեցած յատկանշական ներդրումին համար։Ան ընտրուեցաւ Լոս Անճելըս գաւառի կրթաշրջաններու 2022-2023 տարեշրջանի լաւագոյն վերահսկիչը։


Նշենք, որ մեծարեալներու շարքին էր նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քերըն Պես, որ անցեալ տարի հանդիսացաւ քաղաքին առաջին կին քաղաքապետը։ Յիշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նեցուկ կանգնած էր անոր ընտրապայքարին։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ իրաւաբան Լինա Դաւիթեան կարեւոր նկատեց այսպիսի կարեւոր ձեռնարկ մը հովանաւորելու քայլը, զայն համարելով պետական զանազան մակարդակի մարմիններու հետ գործակցութիւնը սերտացնելու եւ հայութիւնը լուսարձակի տակ առնելու գործնական միջոց մը։ Ան շնորհաւորեց դոկտ. Էքճեանը եւ միւս մեծարեալները, այս հեղինակաւոր գնահատանքը ստանալնուն առիթով։