ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր մրցաշրջանի աւարտին տեղի կ’ունենայ տարուան լաւագոյն մարզիկներու մեծարման տարեմուտի երեկոյ: Հանդիսութեան կը մասնակցին նախագահը, վարչապետը, ԱԺ նախագահը, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, մարզական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, մարզիչներ, մարզիկներ եւ մշակոյթի գործիչներ:
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով հաւաքական խումբերու մարզիկներու եւ մարզիչներու պարգեւատրման ամանորեայ հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Գիւմրիի «Օազիս» համալիրին մէջ, Դեկտեմբեր 23ին: