ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հայաստանի մէջ բեմադրիչ Ռուբէն Յովհաննիսեանն է, որ ունի բանալիներու ամէնէն մեծ հաւաքածոն: Ինք «մոլի» հաւաքող է. ունի առաւել քան 5 հազար բանալիներ՝ երկաթուղային եռակողմ բանալիներ, գանձարկղի արտասովոր երկար բանալիներ, հին Երեւանի տուներու, սնտուկներու բանալիներ եւ այլն: Պարոն Յովհաննիսեանը ունի՞ արդեօք իմաստութեան, ուրախութեան, խաղաղութեան, փակ սահմաններու, փակ ճանապարհներու, արգելափակուած միջանցքներու բանալիները… Չե՛նք գիտեր: Սակայն, այսօր, երբ հայրենի տասնեակ մը տնազուրկ ընտանիքներ կը ստանան նոր բնակարաններու բանալիներ, եւ երբ կառավարութիւնը միջազգային բանալիներ կ՛օգտագործէ հանրապետութեան արտաքին քաղաքական հարցերը հանգուցալուծելու համար, ես որոշեցի բացայայտել »բանալի« բառին պատմութինը ու տեսնել, թէ ի՛նչ սիրտեր եւ լեզուներ բացեր է այդ եռավանկը, ու գրական ի՜նչ գանձեր ամբարած ու պահած է մեզի համար՝ Ոսկեդարէն մինչեւ այսօր:
ԵՐԿԻՆՔԷՆ ԻՋԱՒ ԵՐԵՔ ԲԱՆԱԼԻ
Մինչեւ քրիստոնէութեան մուտքը Հայաստան, հայը կը ճանչնար բանալիներու երեք անհրաժեշտ տեսակ. ամրոցի բանալի, արքունի գանձատան բանալի եւ քաղաքի դարպասներու բանալի, բոլո՛րն ալ մետաղեայ, մեծկակ եւ ծանր: Ապա նոր կրօնքի քարոզիչները, սա զարմանալի էր մեր հեթանոս նախնիներուն համար, սկսան խօսելու «անտեսանելի» եւ «անկողոպտելի» բանալիներու մասին: Անուն ալ ունէին անոնք. «Արքայութեան բանալի», «երկինքի բանալի», բոլորն ալ՝ վերացական եւ թեթեւ: Այդ օր, ահաւասիկ, երկինքէն իջաւ երեք բանալի: Իրօք, Աստուածաշունչ մատեանին մէջ «բանալի» բառը յիշուած է երեք անգամ, ինչպէս՝ «Բանայր զդուրս վերնատանն. եւ առին զբանալին եւ բացին»:
ՓՈԽԱԲԵՐԱԿԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐ
Ոսկեդարու հայ գրիչը չուշացաւ «բանալի» բառին փոխաբերական իմաստներ տալու: Մեր մատեաններուն մէջ տեսանք քնարական թուացող արտայայտութիւններ: Անոնցմէ ամէնէն պատկերալիցներէն մէկն է «Բանալի ականջաց սրտի»: Ուշ միջնադարուն Վարդան Այգեկցին «Արմատ հաւատոյ» երկին մէջ ըսաւ. «Բանալի եմ սրտի քո, որդեակ իմ»: Գրիգոր Մագիստրոսը բացատրեց, թէ մարդու կեանքը անցողիկ է երազի պէս, պղպջակի պէս, իսկ ի՞նչ բան կը բանայ մշտնջենական կեանքի դուռը Մագիստրոսը բացատրեց պարզալեզու բանաստեղծութեամբ մը.
«Կեանքն մարդոյ իբրու երազ
Զէտ պղպջակ է փառք մարդոյ,
Որ թէ դիպի օդ մահական
Աղօթքն է այս տան բանալի»:
Ներսէս Շնորհալիի համար խաչն էր «բանալի»: Բանաստեղծ սուրբը «Տաղ սուրբ խաչին Քրիստոսի, տեառն Ներսիսի ասացեալ» տաղի մէջ բացատրեց. «Նոր դրախտին եկեղեցւոյ, ծառ կենաց տնկեալ ի մէջ, / Երկակի ներհակաց տիպ, մահաբերին տնկոյն ձեւով / Րոպէից բանաւորաց, բանալի եղեր դրախտին«: Յարգելի ընթերցող, նկատեցի՞ք, թէ տաղի առաջին երեք սկզբնատողերը ունին Ն, Ե, Ր տառերը: Պատճառն այն է, որ Շնորհալին իր անուան տառերով գրած է այս բանաստեղծութիւնը:
ԲԱՆԱԼԻ ԱՐՔԱՅՈՒԹԵԱՆ
Տաթեւ վանքի վանահայր, աստուածաբան, իմաստասէր, եկեղեցական գործիչ, Տաթեւի համալսարանի դասախօս Գրիգոր Տաթեւացին 1400 թուականին գրի առաւ հետաքրքրական մեկնութիւն մը, թէ ինչպէս երկու եզ պէտք է լուծի համար, եւ ինչպէս արծիւին համար երկու թեւ պէտք է, որ թռչի, նոյնպէս հաւատք եւ գործ պէտք է մարդուն, որպէսզի բարձրանայ երկինքի արքայութեան: Սուրբը շարունակեց. հաւատքը արմատ է, գործը՝ պտուղ, մէկը առանց միւսին անպիտան է եւ անկատար: Ապա Տաթեւացին տուաւ հետեւեալ խրատը. «Հաւատն բանալի է արքայութեանն. եւ գործքն որպէս շարժելով բանամք զդուռն եւ մտանեմք»:
ՍԱՏԱՆԱՅԻ ԵՐԵՔ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐԸ
Գրիգոր Տաթեւացին նաեւ բացատրեց, թէ սատանան ունի երեք բանալի. առաջինը՝ զօրութիւն ընդդէմ տկարներուն. երկրորդը՝ իմաստութիւն ընդդէմ տգէտներուն. երրորդը՝ չարկամք ընդդէմ բարիներուն: Դրախտը, որ փակ չէր՝ վնասակարը դիւրութեամբ ներս մտաւ: Իսկ կոյս Մարիամ, շարունակեց Տաթեւացին, մնաց՝ «Պարտէզ փակեալ», քանզի ան պաշտպանուած էր անբանալի երեք պարիսպներով. հօր զօրութիւնը, որդւոյ իմաստութիւնը եւ հոգւոյ բարի եւ սուրբ կամքը:
ՄԱՏԵԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱԼԻՆ
Այնքան բազմաթիւ են այն մատեանները, որոնց յիշատակարանին մէջ գրիչը – յաճախ անարժան, անպիտան, մեղաւոր եւ ախտաւոր վանական – այդ աշխատանքը տեսաւ իբրեւ արքայութեան բանալի, եւ փափաք յայտնեց, որ պատուիրողն ալ արժանանայ անոր: Ահա 1494 թուականին, Եղէգեաց անապատին (մենաստան, վանք) մէջ գրի առնուած Աւետարանի մը յիշատակարանին վերջին խօսքերը. «…Բանալի դրանն արքայութեան, եւ գանձ յերկինս անկողոպտելի, եւ առ Քրիստոս միջնորդ եւ բարախօս»:
ՓՈԽԱԲԵՐԱԿԱՆ ԲԱՆԱԼԻ
Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանը 1652 թուականին Պոլսոյ մէջ երկարաշունչ տաղով մը գովաբանեց Փոքր Ասիոյ Նիկոմիդիա փառահեղ քաղաքը: Բանաստեղծը բացատրեց, թէ ա՛ն որ կ՛ուզէ քաղաքներու իշխանուհիին՝ Պոլսոյ տիրանալ, նախ պէտք է որ տիրանայ Նիկոմիդիոյ. «Տես զի եւ զգլուխ արեւելեան, / Վերջ է եւ ոտք արեւմտեան, / Բանալի է Բիւզանդիոյ»: Իսկապէս մեր լեզուին մէջ «բանալի» բառը կը նշանակէ նաեւ որեւէ վայրի գրաւման համար կարեւոր դիրք, կետ, տեղ եւ այլն: Սա բառիս ռազմական նշանակութիւնն է: Սայաթ Նովան երգեց, թէ իր լեզուն է բանալի. »Լեզուս՝ բանալի / Չի թողնի անբախտ: / Իմ լեզուն, որ կայ, / Շատ փակ կը բանայ«: Բանալին նաեւ գործիքներ լարելու յարմարանք է՝ »ժամացոյցի բանալի«, »դաշնակի բանալի«, ձայնանիշներու տողի սկիզբին դրուող նշան է անիկա՝ «սոլի բանալ»ն, գաղտնիք լուծելու հնարաւորութիւն է անիկա, ելք կամ միջոց՝ «փրկութեան բանալի», եւ անմեկնաբանելի նշաններու մեկնութիւնն է անիկա՝ »ծածկագիրերու բանալի«: Սիամանթոյի «Սուրբին Աղօթքը» բանաստեղծութեան մէջ, Մեսրոպ Մաշտոց, կը յիշէ՞ք, կ՛աղերսէր բանալի մը, որ կրնար մեկնաբանել հայու հոգին. «Ես՝ անլար քնար, / Դեռ անբարբառ Հայկազնեանց հոգիին / Բացատրութեան Բանալի՜ մը կ՛աղերսեմ»: «Ներբողական«ի մէջ Մաշտոց ի՛նք դարձաւ բանալի. »Օշականի անհո՜ւն մեռեալ, / Դո՛ւն՝ սրբագիր թարգմանիչ, / Ոսկեդարու ադամանդեա՜յ բանալ»ի: Ըստ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի՝ Ս. Ներսէս Շնորհալին էր մեր հոգեւոր ժառանգի թանկագին բանալին. «Մեծ երախտագիտութեան պարտքով մ՛ալ պէտք է ճանչնամք զինքն իբրեւ բարոյական բանալի մը մեր եկեղեցւոյ»: Իսկ Ժամանակակից գրականութեան մէջ պոլսահայ Զահրատն էր բանաստեղծ բանալին. «Ես… բանալի միջնադարեան ես գրչագիր / հին սուրբերու / հին կուռքերու / ձեր ամէնուն / մեր ամէնուն / եւ բոլորին / անկարելի երջանկութեան թարգմանիչ»:
13ՐԴ ԲԱՆԱԼԻՆ
Բանալիով բարոյական պատմուա՞ծք… Այդ մէկը կատարեց Յովհաննէս Թումանեանը, երբ գրի առաւ «Ոսկի բանալին» մանկական հեքիաթը: Պարզ է ան: Օր մը անտառի որբուհիին կը յայտնուի Լուսմերիկը, ոգեղէն գեղեցիկ կին, որ գլխուն վրայ ունէր շողշողուն պսակ: Լուսմերիկը աղջնակին կը վստահի 12 բանալի ու կ՛ըսէ. »Ահա քեզ եմ տալիս իմ բնակարանի բանալիները: Ահա 13 բանալի: Էս 12 բանալին, որ տեսնում ես, 12 սենեակն էլ բաց կ՛անես ու ման կը գաս, կը նայես, իսկ էս ոսկի բանալին 13րդ դռանն է, էս բանալին ամուր կը պահես, էն դուռը բաց չես անիլ, եթէ բաց արիր, իմացիր, որ անբախտ կը լինես«: Աղջնակը, հետաքրքիր որդեակ, 12 բանալիներով 12 սենեակ կը բանայ, կը մաշի 13րդին յոյզով: Օր մը, կը թուլանայ, կը հանէ 13րդ բանալին՝ ոսկի բանալին: Թումանեանը կը շարունակէ. »Բանալին որ մին ու մին պատրաստ ձեռին էր, կողպեքի մէջը կոխեց, իսկ երբ որ բանալին կողպեքի մէջն էր, էլ ինչ էր մնում, պտտեց, բաց արաւ«: Այնուհետեւ աղջնակը զրկուեցաւ արքայական կեանքէ: Դա՛ս բոլորիս համար. ամէն բանալի երջանկութիւն չի բերեր: Կան բանալիներ, որոնք չարիքի դուռ կը բանան:
ԹՈՒՂԹԷ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐ
Հայկական գրատպութեան առաջին երեք բանալիները, թէեւ ժանգոտած տեսք ունին, բայց կորսուած չեն: Անոնք դեռ կրնան կատարել իրենց պաշտօնը ու… գիտութիւնը արձակել իրենց կապանքներէն: Առաջինն է աշխարհագրական աշխատասիրութիւն մը. »Բանալի համատարածի աշխարհացուցին«, Ամսթերտամ, 1696: Երկրորդը հոգեւոր գիրք մըն է. »Գիրք մտածական աղօթից, բանալի ջերմեռանդակերտ«, Կ. Պոլիս, 1701, ապա Մարսէյ, 1708: Երրորդն է գիտական աշխատասիրութիւն մը. »Բանալի գիտութեան«, Ս. Փեթերսպուրկ, 1788: Այնուհետեւ, բազմացան լուսաւորութեան »բանալի«ները. »Բանալի հայ-գաղղիերէն քերականութեան«, »Բանալի գործնական քերականութեան հայկական լեզուի«, »Ոսկեղէն բանալի անգլիական լեզուի«, »Բանալի օսմանեան լեզուի«, »Բանալի թուաբանութեան«, բոլո՛րը Պոլսոյ մէջ. »Բանալի ընթերցանութեան«՝ Զմիւռնիա, »Ամուսնական իտէալ կեանքի խորհուրդն ու բանալին«՝ Աղէքսանդրիա, »Բանալի գանձոց«՝ Նոր Ջուղա, »Կովկաս. Նուաճման բանալին. Վրաց-ռուսական տեղեկատուական պատերազմը եւ Հայաստանը«՝ Երեւան:
ԲԱՆԱԼԻՆ ԿԱՐՊԵՏԻ ՏԱԿ
Ո՞վ չէ պահած իր տան բանալին կարպետի, ծաղկամանի կամ պատուհանի տակ, որպէսզի ինք կամ ցանկալի անծանօթը կարենայ ներս մտնել դիւրութեամբ: Մերօրեայ բանաստեղծ Դաւիթ Վանեանը ստեղծեց գրական նման պատկեր մը: Ան ցանկացաւ, որ իր սիրուհին բանալին պահէ կարպետի տակ: »Գինոտ էին / շրթունքներդ, համով էիր եւ դու, / Չմտածես, / բան չեմ ասի ոչ մի օտար մարդու, / Բայց բանալիդ / կը թաքցնես ձեր կարպետի տակին, / Հենց մութն ընկաւ, / կարօտակէզ՝ քեզ կը գտնեմ կրկին«:
ՈՒՇԱՑԱԾ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐ
Հայաստանեան մամուլին մէջ քիչ չեն քաղաքական բանալիներու մասին լուրերը: Չես գիտեր՝ ուրախանա՞ս, թէ տխրիս. »Հայաստանի անվտանգութեան բանալիները Հայաստանո՞ւմ են, թէ Հայաստանից դուրս«, »Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման բանալիներն այսօր Մոսկուայում են«: Բայց մենք ուրախանանք իրենց նոր տան բանալիները ստացող ընտանիքներու լուրերով. »Տեղահանուած վեց ընտանիք ստացել է նորակառոյց բնակարանների բանալիները«, »Չորրորդ կարգի վթարային երկու շէնքերի բնակիչները ստացան նոր բնակարանների բանալիներ«, »Գիւմրու օր տօնակատարութեան ժամանակ բնակարանի բանալիներ ստացան աղէտից տուժած վեց ընտանիքներ«:
ՂԱՐՍԻ ԲԱՆԱԼԻՆ
Բեմադրիչ Ռ. Յովհաննիսեանի գուրգուրանքով եւ ակնածանքով պահած բանալիներուն մէջ պատուաւոր տեղ կը գրաւեն Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած հայերու տուներու բանալիները: Յովհաննիսեան կը բացատրէ. »Բանալին ու կողպեքը օջախի խորհրդանիշներն էին: Կարելի է ասել, որ վերցնում էին իրենց անցեալի բանալին՝ յուսալով, որ մի օր կը վերադառնան ու կը դնեն կողպեքներն իրենց տեղը«: Ահա միեւնոյն իրական պատմութեան վրայ է հիւսուած Արամայիս Սահակեանի »Բանալի« երգը: Այս երգին բառերով ձեզի հրաժեշտ տալէ առաջ, կը մաղթեմ, որ ձեր բանալին բանայ բարիքներու դուռը, իսկ փականքի տակ պահէ բոլոր չարիքները.
«Հոռոմ տատը ղարսեցի էր,
Ծեր էր եւ շա՜տ կանացի էր,
Նա գաղթած էր եւ կարծում էր
Ղարսի տունը կա՛յ…
Վերջին պահին, երբ գնում է,
Խոր գրպանից լուռ հանում է
Մի բանալի… Եւ յանձնում է
Թոռներին ներկայ:
– Սա՛,- ասում է,- բալեք, ի՛մն է,
Հիմա ձե՛րն է, բոլորի՜նն է՝
Ղարսի մեր տան բանալին է՝
Պահէ՛ք՝ պէտք կը գայ…»: