ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ մէջ նորընտիր քիւրտ երեսփոխանի մը շուրջ վէճը սկսած է զարգանալ վերջին քանի մը օրերուն: Սեպահաթ Թունչէլ բանտէն իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր վերջերս տեղի ունեցած խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններուն եւ 90 հազար քուէ ստանալով կրցած էր ընտրուիլ: Ան կը վայելէր քրտական իրաւունքներու պաշտպան Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան աջակցութիւնը, սակայն ընտրութեանց ներկայացած էր իբրեւ անկախ թեկնածու:
Ան կը դատուէր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու յանցանքով: Խորհրդարանին մէջ աթոռ մը շահելով ան ստացաւ երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւն եւ անցեալ շաբթուան ընթացքին ազատ արձակուեցաւ: Սակայն կարգ մը երեսփոխաններ ներկայիս կ՚ըսեն, թէ ան խորհրդարան մտնելու իրաւունք չունի:
Ազդեցիկ իրաւաբան մը Թունչէլի ազատ արձակումը իրաւաբանական լուրջ սխալ մը նկատած է: Ան առարկած է, թէ ոեւէ անձ, որ պետութեան միութեան դէմ ոճիր մը գործած է, անձեռնմխելիութիւն ստանալու իրաւասու չէ:
Թունչէլի փաստաբաններէն մէկը այդ մեկնաբանութիւնը քաղաքական եւ գայթակղիչ նկատած է: Սակայն ասիկա թերեւս նախաճաշակ մըն է մօտ երկու տասնեակ քիւրտ երեսփոխաններու իրենց պաշտօնները ստանձնելէն ետք պատահելիքներուն:
Շատեր խորհրդարանին մէջ քիւրտ երեսփոխաններու ներկայութիւնը խաղաղութեան ուղղութեամբ ընթանալու առիթ մը կը նկատեն, սակայն Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ թրքական զօրքերուն միջեւ բախումներուն ընթացքին գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ արձանագրուած զոհերուն պատճառով ազգայնական զգացումները գերակայ կը մնան:
Նկարին մէջ, բանտէն նոր դուրս եկած Սեպահաթ Թունչէլ: