
Թուրքիա Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կարելի եղածին չափ շուտ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելը եւ այս հարցով Ռուսիոյ հետ խորհրդակցութիւնները շարունակելը անհրաժեշտ կը նկատէ։ 7 Ապրիլին այս յայտարարութիւնը կատարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններէն ետք:
Մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին Չաւուշօղլու ըսաւ, որ 6-7 Ապրիլին Լաւրովի հետ քննարկեցին Հարաւային Կովկասի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր:
Լաւրով իր կարգին կրկնեց, որ Մոսկուա կ՛աջակցի Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` յատուկ կերպով ընդգծելով, որ գործընթացը իրենց օգնութեամբ ընթացք առաւ:
Լաւրով պնդեց, որ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ բոլոր հարցերուն շուրջ ձեռք բերուած են եռակողմ պայմանաւորուածութիւններ, որոնք այսօր ալ կը մնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմք: Ինչպէս նախորդ ամիսներու իր խօսքերուն մէջ, այսօր եւս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, թէ արտաքին ուժերը կը փորձեն խոչընդոտներ ստեղծել:
«Յոյս ոինինք, որ մեր ոչ-տարածաշրջանային գործընկերները չեն միջամտեր այս գործընթացին, այլ կ՛ուղղորդեն կողմերը եռակողմ համաձայնագիրներու իրականացման», ընդգծեց Լաւրով։