Ատրպէյճանցիները 6 Ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 2ի շուրջ, կրակ բացին Սիւնիքի մարզի Խնածախ գիւղին մէջ գարնանացան կատարող գիւղացիներու ուղղութեամբ: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Խնածախի վարչական ղեկավար Սէյրան Միրզոյեան հաստատեց լուրը` ըսելով նաեւ, որ իրենց ուղղութեամբ բացուած կրակին պատճառով վնասներ չեն արձանագրուած, սակայն աշխատանքները դադրած են։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 7 Ապրիլին, Հայաստանի զինուժը խախտեց զինադադարը եւ շուրջ կէս ժամ կրակեց սահմանին տեղակայուած Ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ: Նշուեցաւ, որ թիրախ դարձաւ Լաչինի շրջանի Մինքենտ բնակավայրը։
Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները, ըստ հաղորդագրութեան, «համարժէք քայլերու ձեռնարկեցին»: Պաքու այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հերքեց Ատրպէյճանի պնդումը` զայն որակելով «հերթական ապատեղեկատուութիւն»: