Նոյն օրը, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Եթովպիոյ նախագահ Կիրմա Ուոլտըկիորկիսի հետ, նախագահական ապարանքին մէջ, Ատիս Ապեպա: Շուրջ ժամ մը տեւող սիրալիր հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետն ու նախագահ Ուոլտըկիորկիս լայնօրէն անդրադարձան հայ ու հապէշ եկեղեցիներու յարաբերութեան, Լիբանանի կացութեան, ներկայ աշխարհին մէջ կրօնի դերին, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ մասնաւորաբար Ղպտի եւ Հապէշ եկեղեցիներու հաշտութեան լծուած վեհափառ հայրապետի դերակատարութեան:
Հանրապետութեան նախագահը լայն հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ յիշեալ հարցերու գծով: Ան մեծապէս գնահատեց վեհափառին հաշտարար դերակատարութիւնը, յատկապէս այս օրերուն, երբ ամէն ժամանակէ աւելի, եկեղեցիներ կոչուած են գործակցելու մարդկային ընկերութիւնը տագնապեցնող հարցերու գծով: Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպման, վեհափառին կողքին ներկայ գտնուեցան Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան, Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան եւ ազգային բարերար տիար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան:
Պալատէն դուրս գալու պահուն, վեհափառ հայրապետը պատասխանեց թղթակիցներու հարցումներուն: Նոյն գիշեր տեղական հեռատեսիլի կայանները լայնօրէն արձագանգեցին այս հանդիպման:
Յայտնենք, որ նոյն առաւօտ վեհափառ հայրապետը Լիբանանէն ժամանած էր Ատիս Ապեպա, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ: Ատիս Ապեպայի օդակայանին մէջ զինք դիմաւորելու եկած էին Եթովպիոյ եկեղեցւոյ պետ Փաուլոս պատրիարք, ինչպէս նաեւ Եթովպիոյ փոքրաթիւ հայ համայնքին ատենապետ Վարդգէս Նալպանտեան: