Նախաձեռնութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան, «Համազգային» կրթական եւ մշակութային ընկերակցութեան, «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան եւ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին, Հինգշաբթի, Յուլիս 12ին երեկոյեան ժամը 8ին Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 E. Harvard) տեղի պիտի ունենայ Զաւէն Խանճեանի «Այս տունը քո՞ւկդ է, թէ իմս» հատորին ներկայացումը:
Տարիներու տատամսումէ ետք, 2006ի աշնան հատորին հեղինակը իր կնոջ՝ Սօնային եւ խումբ մը բարեկամներու հետ կ’որոշէ մեկնիլ Արեւմտեան Հայաստան՝ առաջնորդութեամբ Արմէն Արոյեանի: Խմբային այս այցելութիւնը զիրենք կը տանի պատմական հայրենիքի պապենական օճախները: Ուխտաւորութեան իմաստ զգեցած այս այցելութեան ամէնօրեայ ապրումներուն, տպաւորութիւններուն եւ խորհրդածութիւններուն մէկտեղումն է այս գիրքը՝ գրուած սրտմօտ, անկեղծ ու հաճելի ոճով: Գիրքէն հատուածներ հրատարակուեցան թերթիս մէջ, շաբաթական հետեւողութեամբ, խոր հետաքրքրութիւն յառաջացնելով ընթերցողներու մօտ:
Օրուան յայտագրին ընթացքին Սարգիս Մաճառեան պիտի ներկայացնէ հեղինակին գիրքը, իսկ գիրքէն հատուածներու ընթերցում եւ սահիկներու կարճ ներկայացում պիտի կատարէ Սօնա Խանճեան: Մեներգիչ Գագիկ Բադալեան եւս ելոյթ պիտի ունենայ:
Մշակութասէր հասարակութիւնը սիրով հրաւիրուած է այս ձեռնարկին, որու մուտքը ազատ է: