Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան 12 Ապրիլին, Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ Սիւնիքի Տեղ գիւղին մէջ, 11 Ապրիլին արձանագրուած արիւնալի միջադէպին պատճառը սահմանային ճշգրտումն էր՝ նշելով, որ սկիզբը տեղի ունեցաւ հրմշտուք, բախում, ապա մարդկային կորուստներ:
Ըստ անոր՝ Տեղի մէջ ատրպէյճանցիներուն յայտնուելէն ետք, կողմերը յաճախ բանակցած են, ճշգրտումներ կատարած, մէկ օրուան ընթացքին նոյնիսկ քանի մը տասնեակ անգամներ հանդիպում ունեցած:
«Սրա բերումով է, որ ունեցանք յայտարարութիւններ, որ սահմանագծի ինչ-որ հատուածներ այլեւս ճշդուած են, եւ խնդիրներ չկան: Նմանատիպ մի ճշգրտման բերումով էլ տեղի է ունեցել յայտնի միջադէպը, որը բերել է հրմշտոցի, բախման եւ, ցաւօք, անցանկալի հետեւանքների», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ նման միջադէպ կանխատեսելի էր, սակայն՝ «նման բան պէտք է տեղի չունենար»:
«Հէնց որ Ադրբեջանի պահուածքը եւ գործունէութիւնը եղել է ուխտադրուժ, դա, կարծում եմ, այդտեղ ինձ համար երկրորդ կարծիք չկայ, բայց մենք չէնք էլ կարող յոյս ունենալ հակառակի, եւ այդ սցենարը (բեմագրութիւնը) նոյնպէս կանխատեսուել է, եւ այդ սցենարի շրջանակներում նոյնպէս կոնկրետ (յստակ) անձանց տրուել են կոնկրետ յանձնարարութիւններ, եւ այդ յանձնարարութիւնների կատարումը ձախողուել է, եւ ի հարկէ, դրան պէտք է հետեւեն եւ վարչական որոշակի ադմինիստրատիւ (վարչական) հետեւանքներ, բայց նաեւ պէտք է աւելի խորը քննենք եւ հասկանանք՝ ինչն է այդպէս դասաւորուել, եւ ինչու է այդպէս դասաւորուել», ըսաւ Փաշինեան:
Վերջին զարգացումներուն մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ դիտել տալով, որ գիշերուան ընթացքին հակառակորդին կողմէ զինադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած, երեկոյեան ժամը 8ի դրութեամբ իրադրութիւնը սահմանագիծին մէջ յարաբերականօրէն կայուն էր։
«Ապրիլի 11ին ադրբեջանական սադրանքի հետեւանքով հայկական կողմը դիրքային որեւէ կորուստ չունի», շեշտեց նախարարութիւնը՝ տեղեկացնելով, որ օր մը առաջ վիրաւորուած զինուորներուն վիճակը կը մնայ նոյնը, 6 զինուորներէն երեքին վիճակը բաւարար է, իսկ միւս երեքինը՝ համապատասխանաբար միջին ծանրութեան, ծանր եւ ծայրայեղ ծանր: