

Տեղ գիւղի հատուածին մէջ տեղի ունեցած արիւնալի զինուած բախումներուն համար Պաքու կը մեղադրէ Երեւանը՝ յայտնելով, որ անիկա նպատակաուղղուած սադրանք կը կատարէ։
Այս յայտարարութիւնը կատարեցին Ատրպէյճանի նախագահը եւ արտաքին գործոց նախարարը Պաքու այցելող ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանիի հետ հանդիպման ընթացքին: Հայաստանի հասցէին մեղադրանքներու տարափին զուգահեռ Ճէյհուն Պայրամով նաեւ սպառնալիքներ ուղղեց Հայաստանին եւ յորդորեց միջամուխ չըլլալ համարկման գործընթացներուն:
«Հայաստան պէտք է դադրեցնէ այն վտանգաւոր եւ սադրիչ քայլերը, որոնց հետեւանքները կրնան ծանր ըլլալ Հայաստանի համար, ինչպէս տեղի ունեցաւ երէկ», յայտարարեց Պայրամով՝ աւելցնելով. «Այդ սադրանքները կարելի է հասկնալ իբրեւ քայլեր, որոնք ուղղուած են կանխելու մեր քաղաքացիներուն վերադարձը ազատագրուած տարածքներ»:
Ան ըսաւ, որ ինքնին այդ միջադէպի վայրին կից Պաքու աշխոյժ շինարարական ծրագիրներ կը կատարէ՝ ատրպէյճանցիներու վերադարձը ապահովելու նպատակով:
«Ջոկատի հրամանատարին հոն ներկայութիւնը ցոյց կու տայ, որ ատիկա կատարարուած է իրենց ցուցմունքով, եւ ոչ թէ շարքային զինուորականի մը որոշումով: Ասիկա անգամ մը եւս կը վկայէ այն մասին, որ այդ սադրանքի ետին ծրագիր կար», պնդեց Պայրամով։
Ան նաեւ դժգոհութիւն յայտնեց, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ դէմ առ դէմ շփումները դադրած են նախորդ տարուան Դեկտեմբերէն ի վեր՝ առանց խօսելու պատճառներուն մասին։ «Միջազգային միջնորդները կը փորձեն Հայաստանը վերադարձնել բանակցութիւններու սեղան: Այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու կը ձեռնարկուին», յայտնեց Պայրամով։