
20 Ապրիլին, խորհրդարանին մէջ լրագրող մը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հարցուց, որ՝ ճանչնալով Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ Հայաստան Արցա՞խը եւս կը ճանչնայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Փաշինեան յստակ «այո» կամ «ոչ» չըսաւ, բայց դարձեալ յայտարարեց, որ հայկական կողմը այդ մէկը արդէն ըրած է Մատրիտեան սկզբունքներով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:
Ի հեճուկս ընդդիմախօսներու հակառակ պնդումներուն, որ Մատրիտեան փաստաթուղթով Արցախի ժողովուրդը իր ճակատագիրը պէտք է որոշէր հանրաքուէի մը միջոցով, Փաշինեան կրկնեց՝ «պէտք է իրականութեան հետ առերեսուենք»:
«Իմ զեկոյցում ես յստակ արձանագրել եմ հետեւեալը՝ որ 2007 թուի արձանագրումը Մարդրիդեան սկզբունքների, դա նշանակում է, որ ինքնորոշման իրաւունքը Մադրիդեան սկզբունքներով Հայաստանը ճանաչել է Ղարաբաղը որպէս Ադրբեջանի մաս, դա է պրոբլեմը (հարցը) եւ մենք զուգահեռ իրականութիւն ենք ստեղծել, ցանկալի իրականութիւն, որը միջազգային եւ աշխարհաքաղաքական իրականութեան հետ ոչ մի կապ չի ունեցել», ըսաւ Փաշինեան:
Նախօրէին Իլհամ Ալիեւ Փաշինեանէն պահանջած էր յստակօրէն յայտարարել, որ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է»: Այս պահանջը կրկնեց նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ միաժամանակ Երեւանը մեղադրելով «տարբեր պատրուակներով բանակցային գործընթացը խոչընդոտելուն» մէջ:
Հայաստանի վարչապետը 20 Ապրիլին դարձեալ հաստատեց, թէ կը հաւատայ Պաքուի հետ խաղաղութեան օրակարգին, բայց նոյն ժամանակ աւելցուց, որ որեւէ երաշխիք չկայ, որ Պաքուի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը կը ստորագրուի:
Ճաշինեան խօսեցաւ նաեւ Սիւնիքի մէջ տիրող կացութեան մասին եւ ըսաւ, որ Տեղ համայնքին մէջ խնդրայարոյց հատուածը կրճատուած է յաւելեալ 1.4 քիլոմեթրով: Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ մնացած 3.6 քիլոմեթրնոց հատուածն ալ կը ճշգրտուի:
«Ի՞նչ է նշանակում՝ սահմանը ճշգրտուել է, դա նշանակում է, որ ե՛ւ մենք, ե՛ւ ադրբեջանցիք այդ կէտի վերաբերեալ ունենք ընդհանուր կարծիք, որ մեր սահմանային գիծն անցնում է այստեղով, դա նշանակում է նաեւ, որ հայաստանցի սահմանապահները տեղակայւում են այդ սահմանից որոշակի հեռաւորութեան վրայ, ադրբեջանցի սահմանապահները տեղակայւում են այդ սահմանից որոշակի հեռաւորութեան վրայ», ըսաւ Փաշինեան:
Ան նաեւ անդրադարձաւ սահմանին դիտորդական առաքելութիւններու կարեւորութեան եւ ըսաւ, որ Հայաստան ներկայացուցած է ՀԱՊԿի դիտորդներու տեղակայման վերաբերող մտահոգութիւններուն սահմանը, նաեւ պնդեց, որ ոչ միայն Ռուսիա, այլ նաեւ Հայաստան պատրաստ է, որ ՀԱՊԿի դիտորդները տեղակայուին սահմանին:
«Մտահոգութիւնների շրջանակը գծել ենք, ըստ էութեան, մեր մտահոգութիւնը, մեր ցանկութիւնը կամ մեր մղումն այն է, որ հնարաւոր առաքելութիւնը լինի արդիւնաւէտ, սա կարեւոր է ե՛ւ Հայաստանին համար, ե՛ւ ՀԱՊԿի համար, ե՛ւ տարածաշրջանի համար», ընդգծեց Փաշինեան: