ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Աքսա» ֆրանսական ընկերութենէն՝ իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհի իրաւայաջորդ, հատուցում ստանալու ակնկալութեամբ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան համապատասխան խորհուրդ դիմած է Հայաստանի 650 քաղաքացի:
Ըստ արդարադատութեան նախարարի խորհրդական Թամարա Շաքարեանի, ընդունուած դիմումներէն 30ը արդէն ուղարկուած է «Աքսա»ի հատուցման գրասենեակ. «Մենք ամէն ինչ անում ենք, որպէսզի դիմումի հետ պահանջուող համապատասխան փաստաթղթերն ամբողջական լինեն, որն էլ կ’երաշխաւորի տուեալ անձի՝ իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհի իրաւայաջորդ լինելը, ով Մեծ Եղեռնից առաջ «Աքսա» ֆրանսական ապահովագրական ընկերութիւնում ունեցել է աւանդ», ըսաւ նախարարի խորհրդականը:
Նշենք, որ արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ կազմուած է համապատասխան խորհուրդ, որ պիտի զբաղի դիմումներու ընդունման եւ գործընթացի իրաւաբանական հարցերով: Խորհուրդը բաղկացած է 4 անձերէ՝ արդարադատութեան նախարարի խորհրդականներ Թամարա Շաքարեան, Արփինէ Մելիքբէկեան, իրաւաբաններ Արուս Ղարիբեան եւ Կարէն Յովհաննիսեան:
«Աքսա» ֆրանսական ապահովագրական ընկերութեան փոխհատուցման խնդիրներով զբաղող «Աքսա»ի հատուցման գրասենեակի գործադիր տնօրէն Բարսեղ Գարթալեան կարեւոր համարեց ոչ միայն «Աքսա»ի, այլեւ այլ ֆինանսական կազմակերպութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու իրաւայաջորդներուն աւանդներու վերադարձը. «Պէտք է շարունակենք հետամուտ լինել սկսած գործերի շարունակականութեանը», յայտարարեց Բ. Գարթալեան եւ նշեց, որ ներկայ դրութեամբ՝ իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհի իրաւայաջորդ, «Աքսա»էն հատուցում ստանալու համար գրասենեակ դիմած է շուրջ 1000 անձ (Հայաստանը չներառած):
Յիշեցնենք, որ ֆրանսական «Աքսա» ընկերութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու իրաւայաջորդներուն, որոնք դրամատան մէջ Մեծ Եղեռնէն առաջ ունեցած են աւանդներ, դրամատնային արկղեր, պիտի յատկացնէ շուրջ 11.5 միլիոն տոլարի հատուցում: Այս գործընթացը նախաձեռնած են լոս անճելըսահայ իրաւաբաններ Մարք Կիրակոս, Պրայըն Քապաթեք եւ Վարդգէս Եղիայեան:
«Աքսա» ֆրանսական ընկերութեան մէջ դրամական միջոցներ ունեցած հայերու անուններու ցուցակը բաղկացած է շուրջ 7 հազար անունէ:
Նշենք, որ վերոյիշեալ իրաւաբաններու ջանքերով Մեծ Եղեռնի զոհերու 2500 իրաւայաջորդներուն «Նիւ Եորք լայֆ»ը յատկացուց աւելի քան 8 միլիոն տոլար:
Իրաւաբանները իրենց գործունէութիւնը սահմանափակած չեն «Աքսա» դրամատան կողմէ հատուցման հարցերով. անոնք կը շարունակեն 20 տարբեր ֆինանսական հաստատութիւններու մէջ իրաւաբանական ճանապարհով հայերու ունեցուածքի հետազօտման աշխատանքները: