Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով խօսեցաւ հայ-ռուսական բարձր մակարդակի հանդիպման կարելութեան մասին եւ մանտանշեց, որ կը քննարկուին կարգ մը ծրագիրներ:
«Այժմ եկէք չաճապարենք, որոշ ծրագիրներ կը քննարկուին. քննարկումներու աւարտին մենք համապատասխան յայտարարութիւնը կը կատարենք: Առայժմ այդ մէկը վաղաժամ կը նկատենք», յայտնեց Փեսքով՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ յաջորդ շաբաթ արդեօք ծրագրուա՞ծ է բարձր մակարդակի հայ-ռուսական հանդիպում մը, կամ՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմ բանակցութիւններ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փրակի մէջ յայտնեց, որ յաջորդ շաբաթ պիտի մեկնի Մոսկուա, սակայն առանց նշելու, թէ ի՛նչ օրակարգով կը մեկնի եւ ի՛նչ հանդիպումներ նախատեսուած են: