Երկկողմ եւ եռակողմ քննարկումներու հետեւողական եւ կառուցողական շարքէն ետք, կողմերը զգալի յառաջընթաց արձանագրեցին բարդ հարցերու լուծման մէջ։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այս հաստատումը կատարեց՝ ամփոփելով Արլինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու քառօրեայ բանակցութիւնները:
«Երկուսքն ալ անկեղծ յանձնառութիւն դրսեւորեցին յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ հակամարտութիւնը դադրեցնելուն մէջ», յայտնեց ան։
Պլինքըն նշեց, որ թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ատրպէյճան կ՛ընդունին, որ կայուն խաղաղութեան հասնելու միակ ճամբան երկխօսութիւնն է, եւ որ կողմերը վերջին օրերուն շատ ծանր հարցեր քննարկեցին։
«Անոնք նոյնպէս կը հասկնան, որ գոյութիւն ունի տեսանելի եւ հասանելի համաձայնութիւն մը, զոր ձեռք բերելը պիտի ըլլայ ոչ միայն պատմական քայլ, այլ նաեւ հիմնականին մէջ պիտի բխի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու շահերէն։ Եւ շատ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ նոյնիսկ այդ երկու երկիրներու սահմաններէն դուրս», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ երկու երկիրներն ալ սկզբունքօրէն համաձայնեցան որոշ պայմաններու շուրջ եւ աւելի լաւ պատկերացում կազմեցին միմեանց դիրքորոշումներուն մասին՝ չլուծուած մնացող հարցերուն վերաբերեալ:
«Ես առաջարկեցի նախարարներուն՝ վերադառնալ իրենց մայրաքաղաքները` իրենց կառավարութիւններուն հետ կիսելու այն հեռանկարը, որ յաւելեալ բարի կամքի, ճկունութեան եւ փոխզիջումներու պարագային համաձայնութիւնը հասանելի է», ըսաւ Պլինքըն:
Ըստ անոր՝ բանակցութիւններու ընթացքը եւ հիմքը ցոյց կու տան, որ «մօտ ենք համաձայնութեան հասնելուն»։
«Բոլորս գիտենք, որ իւրաքանչիւր մարաթոնի վերջին մղոնը միշտ ամէնէն բարդն է։ Սակայն Միացեալ Նահանգները այստեղ է, որ շարունակէ օգնել մեր երկու բարեկամներուն հատելու եզրագիծը։ Եւ դարձեալ կ՛ըսեմ, որ մենք անոր շատ մօտ ենք։ Այս բոլորը դիւրին չեն, սակայն յառաջ երթալու եւ մնացած հարցերը քննարկելու վճռականութիւնը իրական է։ Եւ այս օրերու քննարկումներէն կ՛եզրակացնենք, որ մենք շատ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրեցինք», Պլինքըն, որ ելոյթ ունեցաւ նաեւ նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ եռակողմ հանդիպման յաջորդած փակման լիագումար նիստին` յայտարարելով, որ Ուաշինկթընի արուարձանին մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն ընթացքին «երկու կողմերը շատ բարդ հարցերու կողքին, շօշափելի յառաջընթաց արձանագրեցին կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրին ուղղութեամբ»: