Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց. «Անգարա ահաբեկչութեան դէմ պայքարէն պիտի չդադրի, մինչեւ որ վերջին ահաբեկիչը վնասազերծէ»:
Աքար Պոլսոյ մէջ «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու Սուրիան» նիւթով խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը հզօր ու մեծ Թուրքիոյ դիմաց մեծագոյն մարտահրաւէրը կը նկատուի»: Ան նաեւ պնդեց, որ իր երկիրը «մեծ վճռականութեամբ» պիտի շարունակէ «ահաբեկչութեան» դէմ պայքարիլ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ թրքական բանակը կը շարունակէ հիւսիսային Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ «ահաբեկիչներու մնացորդներ»ը հետապնդել, եւ «մենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարէն պիտի չդադրինք, մինչեւ վերջին ահաբեկիչի վնասազերծումը: Թրքական բանակը կը շարունակէ ահաբեկիչները թաղել անոնց փորած փոսերուն ու թաքստոցներուն մէջ»: