ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Յառաջացած տարիքին, երբ անձ մը տեղաշարժ կը կատարէ մէկ նահանգէն միւսը, յաճախ չսպասուած անակնկալներու առջեւ կը գտնէ ինքզինք: Անոնց կողքին՝ հաճելի անակնկալներ եւ յուշեր…
Կողակիցիս հետ չորս ամիսէ ի վեր կը փորձենք կարգի դնել մեզի հարազատ, սրտամօտ իրերը, մեր հագուստ-կապուստն ու թանկարժէք իրերը, ափրիկեան փղոսկրէ արձանիկներն ու բնիկներու կողմէ մըհակընի տախտակով քանդակուած արձանիկները, ու մեր… ոտնամանները:
Բայց այս բոլորին մէջ զիս ամէնէն բուռն կերպով յուզողը՝ անտիպ գործերուս քանակն էր, ինչպէս նաեւ թղթածրարներու մէջ ամփոփուած ու հայ մամուլի մէջ տասնամեակներու ընթացքին լոյս տեսած, ամէն սեռի պատկանող յօդուածները: Եւ այնպիսի ահագնող մտածում մը մէջս ջլատիչ ու տիրական դարձաւ, թէ յաւիտենականութիւն մեկնումէս ետքը, ի՛նչ պիտի ըլլայ անտէր մնալու կոչուած որբուկներուս վերապահուած ճակատագիրը…
Սա կայն ներկայ գրութիւնը թուղթի չեմ յանձներ, անտիպ գործերուս ճակատագրով տագնապելու եւ վայ վայելու համար: Ինչպէս հայ ընթերցողը, յօդուածիս կողքին լոյս տեսնող լուսանկարէն պիտի կռահէ, ափրիկեան արկածախնդրական սխրանքներով լեցուն օրերէս ժառանգ մնացած այդ նկարը, հերոսութիւնս մատնանշելու մտօք չէ ուղարկուած հայ մամուլին, այլ ընթերցողին հետ բաժնելու տասնամեակներ առաջ պատահած դժբախտ դէպք մը, որ կրնար կեանք մը արժել, այս խիզախ հերոսին:
Տեղին է աւելցնել, որ ձկնորսութիւնն ու լողալը, մանկութենէս ի վեր, իմ առաջնակարգ նախասիրութիւնս հանդիսացած է որպէս մարզանք: Երբ Ափրիկէ գործատէր դարձանք ու քառասունէ աւելի աշխատաւորներ հաշուող գործատուն սկսանք բանեցնել, մեր թեւերը լայն բանալով, որոշեցինք Ֆրիթաուն քաղաքէն քսան մղոն անդին գտնուող Թոքէ գեղատեսիլ ծովափը, բնիկներէ բնակուած գիւղին մօտակայքը, մեր սեփական ծովափը ունենալ: Գիւղապետին հետ լեզու գտանք եւ յաջողեցանք գիւղին մերձաւորութեան ափրիկեան ոճով ամարանոց կառուցել, ինչ որ կը համապատասխանէր՝ հողաշէն խրճիթի: Չուզեցինք արդի շինութեամբ պղծել զուտ բնիկ գիւղին առանձնայատուկ գեղեցկութիւնը: Եւ սկսանք դեսպաններ ու մեծ ընկերութիւններու տնօրէններ հիւրասիրել մեր ծովափը, ամբողջ խոզուկ մը խորովելով խոշոր «մանղալ»ին (կրակարան) վրայ ու սնտուկներով սառն գարէջուր հրամցնելով, յարգել մեր պատուոյ հիւրերը: Այդ բոլորին կողքին, մեր հիւրերուն նախասիրածը՝ թարմ ձուկի խորովածն էր, զոր անձամբ կ՛որսայինք նետ-աղեղով… Ասոր խօսուն մէկ փաստն է յղած լուսանկարս:

Տակաւին, մեր սեփական մակոյկով, որուն շարժիչ մեքենայ մը անցուցեր էինք, կը խիզախէինք ովկիանոսին բացերը, ուր մեծ ու փոքր ձուկեր, չիմանալով գլուխնին գալիք պատուհասը, անհոգ կը լողային ու շուրջպար կը պարէին ջուրին յատակը: Ակնոցով ու ջրակօշիկներով ու նետաձիգ աղեղով օժտուած ձկնորսական զէնքով զինուած, պիտի սուզուէինք Խաղաղականի յատակը, ուր զանազան չափի ձուկերը իրենց պատսպարան բոյնը շինած էին… Եւ ամէնէն ահարկուն՝ պիտի դիմանայինք ու տոկայինք անշնչութեան, եւ դեռ ճակատէինք հանդիպակած հսկայ ձուկերու հետ:
Աշխարհ փուլ պիտի չգար այդ Կիրակին, երբ իմ անուշիկ կողակիցիս եւ երեք ձագուկներուս հետ առաւօտ կանուխ, ծովեզերք ուղղուեցանք: Մեր պարապմունքին մաս կը կազմէր, լողալու կողքին, ծովեզերքի թաց աւազին վրայ, հայերէն սորվեցնել անոնց, մեր նախնիներէն մեզի ժառանգ մնացած ոսկեղինիկը արձանագրելով խոշոր տառերով:
Այդ օր, մեր «համովիկ» կնոջս վստահելով հոգեսլաց այդ պարտականութիւնը, մարտական ոգիով, խիզախած էի նաւակը բարձրանալ եւ ուղղուիլ այնպէս կոչուած ձկնորսական կիրակնօրեայ սխրանքը:
Ծովեզերքէն հազիւ մղոն մը հեռաւորութեամբ, կղզեակ մը գոյութիւն ունէր, որուն շրջակայքը երկուորեակ եղբայրս ու ես կը կատարէինք մեր ջարդը: Այդ շրջանին, Փիէռը արձակուրդով Լիբանան կը գտնուէր: Ես ու գիւղի բնակիչ 18 տարու պատանի մեր պահակը՝ Ճէյմզը, առանցին խիզախեցանք ովկիանոսի բացերը: Մեր բախտէն, ձկները մեծ ու միջակ չափի կարծես կարօտակէզ աչքերով մեզի կը սպասէին: Հազիւ սուզուեցայ ջուրին յատակը, արդէն բաւական մեծ չափի ձուկ մը եկաւ ինծի բարի գալուստ մաղթելու կամ ալ նետաձիգ որսորդի բազկերակս չափելու:
Մէկ հարուածով, նետս մխրճուեցաւ անոր մարմինը… Նոյնիսկ ձկնորսական գիւղի երիտասարդ բնակիչը յանկարծակիի եկաւ իմ առաջին ճակատումիս արդիւնքէն, տապլտկող խոշոր ձկան ի տես: Եւ նոյն թափով պիտի շարունակուէր կոտորածը, ինծի յիշեցնելով այն միջադէպը, երբ մեծղի ձկան մը հետքերով, առանց նկատելու ձուկերէ բնակուած քարայրանման նկուղ մը մտեր էի եւ ինքնամոռաց կը հետապնդէի որսս, եւ երբ զգետնեցի զայն, շնչահեղձ եղած ոտքերս գետին զարնելով փորձեցի ջուրին մակերեսը ելլել, յանկարծ գլուխս քարայրին առաստաղը կպաւ ու հպումին պատճառած ցաւը, քիչ մնաց անդի աշխարհ ուղարկէր զիս, առանց խունկի ու մահախօսականի…
Բայց այդ օր պատահածը ՝ տասնեակ մը մեծղի ձուկեր նետահար ընելու սխրանքին յաջորդեց այս անգամ բուն հրէշին հետ դէմ դիմաց գալու մարտահրաւէրը: Եւ այդ հրէշը անուն մականուն ալ ունէր… Նորին վսեմութիւն՝ «Պարա Քութա»:
Ձկնորսական կեանքիս մէջ խոշոր շանաձուկերու՝ «շարք»երու ալ հանդիպեր եմ: Անոնք իրենց ենթադրեալ զոհին վրայ իրենց մեծամիտ նայուածքը պտտցնելէ վերջ, «ծօ սարսախ, դուն ո՛վ ես որ մեր դէմ պիտի ճակատիս…» ըսելով ու իրենց խղճի ձայնին ականջ դնելով, հայու բեկորիս նոր կեանք շնորհած են…
Բայց այս մէկը, զիս յանկարծակիի բերելով, վրաս յարձակեցաւ: Ես ալ շփոթած ինքնապաշտպանութեան դիմեցի: Նետս արձակեցի հակառակորդին ուղղութեամբ, եւ ի ցաւ մեղաւորիս, նետը չվրիպեցաւ իր թիրախէն: Հրէշը սրտէն վիրաւոր եւ իբրեւ մերօրեայ «քամիքազի», վրաս յարձակեցաւ ու ձախ թեւս խածաւ, ճիշդ երակներուս արանքը իր սուր ատամներու հետքը թողնելով, որուն ահարկու սպին կը կրեմ կէս դարէ ի վեր: Լաւ որ առատ արիւնահոսութենէն կեանքս չվտանգուեցաւ…
Վիրճինիա