Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասէր Քանաանի, արձագանգելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութեան, որ Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն կը յանձնարարէ խուսափիլ Իրան այցելելէ՝ յայտարարեց. «Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիները յորդորած է չայցելել Իրան։ Այս այն քաղաքականութիւնն է, զոր Իսրայէլի նախագահը որդեգրած էր իր՝ Պաքու այցելութեան ընթացքին։ Ատրպէյճանի քաղաքացիները պէտք է վախնան Իսրայէլէն, ոչ թէ քաղաքակիրթ եւ իսլամական Իրանէն։ Մեր քաղաքականութիւնը կը շարունակէ յենիլ Ատրպէյճանի քոյրերն ու եղբայրները գրկաբաց ընդունելուն վրայ։ Դրացնութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը մեր առաջնահերթ հարցն է, անշուշտ, փոխադարձ յարգանքի եւ դրացնութեան սկզբունքներու նկատմամբ յարգանքի շրջագիծին մէջ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.