Կիրակի, 4 Յունիսի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. պատարագին, զոր մատոյց հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներ, ծնողներ, աւարտական՝ 12րդ կարգի աշակերտները, հաւատացեալ ժողովուրդ, որոնք եկած էին Աստուծոյ տունը՝ աղօթակից դառնալու առաջնորդին, նոյն ժամանակ խնդրելով Աստուծմէ, որ երկնային օրհնութիւնները ամէնառատ ներկայութիւն դառնան ազգի մատղաշ եւ երիտասարդ սերունդներու կեանքին մէջ:
Սրբազանին հետ փառք ու գոհութիւն առաքելով Առ Աստուած, որ իրենց կեանքի ամէնէն փխրուն տարիքը եւ կարեւորագոյն հանգրուանը անցուցին Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի յարկին տակ, շրջանաւարտ աշակերտները ականջալուր դարձան նաեւ առաջնորդին հովուական յորդորներուն, որոնց ընդմէջէն ան յատկապէս լոյսին բերաւ հետեւեալ մտածումը. «Կեանքի զանազան հանգրուաններուն մտային, հոգեկան, ֆիզիքական կացութիւններ՝ դրական կամ բացասական, ներկայութիւն են կամ կ՛ըլլան մարդոց կեանքէն ներս. մեզի կը մնայ հաւատքով աղօթել եւ ակնկառոյց սպասել աստուածային այն լուսաւոր միջամտութեան, որմով միայն կը յաջողինք փարատել ամէն տեսակի խաւար ու մութ, դժուարութիւն ու չարիքներ»։
Ապա սրբազանը շնորհաւորեց իրենց սիրելի վարժարանին հրաժեշտ տուող սիրասուն շրջանաւարտները եւ անոնց մաղթեց կանաչ ճամբայ՝ դէպի համալսարանական կրթութիւն ու ինքնարժեւորման փայլուն ուղիներ: