ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած տարեկան 3րդ շարադրական երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանիս հայկական եւ հանրային վարժարաններէ աշակերտներ։
Մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ չորս երկրորդական վարժարանները՝ ՀԲԸՄի Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարան, Ս. Նահատակաց Ազգային Ֆերահեան վարժարան, Մեսրոպեան Ազգային վարժարան եւ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարան։
Մրցումին մասնակցած միջնակարգ վարժարաններն էին՝ ՀԲԸՄի Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարան, Հայ Քոյրերու վարժարան, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարան, Ս. Նահատակաց Ազգային Ֆերահեան վարժարան, Մերտինեան Հայ Աւետարանական վարժարան, Մեսրոպեան Ազգային վարժարան եւ «Ուիլսըն» վարժարան։
Շարադրութեան նիւթն էր՝ արհեստական բանականութեան գործածութիւնը եւ անոր հետեւանքները, իսկ դատակազմերուն մաս կը կազմէին դասախօսներ, ուսուցիչներ եւ շրջանաւարտ աշակերտներ։
Առաջնութիւն շահած աշակերտները ստացան 500ական տոլար մրցանակ, երկրորդ մրցանակ շահողները՝ 250ական տոլար, իսկ երրորդ դիրքը գրաւողները՝ 125ական տոլար։
Ստորեւ կու տանք մրցանակակիրներու ցանկը.
ՀԱՅԵՐԷՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
1. Տանիէյլլա Ակոճեան (11րդ դասարան), Մեսրոպեան Ազգային վարժարան
2. Վինսընթ Յովսէփեան (11րդ դասարան), Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
3. Դաւիթ Գէորգեան (10րդ դասարան), ՀԲԸՄի Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարան
ԱՆԳԼԵՐԷՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
1. Գեղօն Գասպարեան (12րդ դասարան), Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
2. Ալանա Փափազեան (11րդ դասարան), Ֆերահեան Ազգային վարժարան
3. Նարօտ Էքմէքճեան (10րդ դասարան), Մեսրոպեան Ազգային վարժարան
ՀԱՅԵՐԷՆ՝ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
1. Էնեն Յարութիւնեան (7րդ դասարան), «Ուիլսըն» վարժարան
2. Աննա Աղաճանեան (7րդ դասարան), ՀԲԸՄ Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարան
3. Մերի Յովակիմեան (8րդ դասարան), Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարան
ԱՆԳԼԵՐԷՆ՝ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
1. Լիա Քարկոտորեան (8րդ դասարան), Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարան
2. Էշլի Քէշիշեան (6րդ դասարան), Հայ Քոյրերու վարժարան
3. Սթեֆընի Մազմանեան (8րդ դասարան), Մեսրոպեան Ազգային վարժարան։
Մրցանակակիր շարադրութիւնները կարդալու համար այցելել կայքէջը։
Նշենք, որ Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի տարածքին:
Հիմնարկութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ անոր աջակցելու համար այցելել https://aefweb.org/ կայքը: