Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ «Քրասնոտար»ի ֆութպոլիստ Էդուարդ Սպերցեան ընտրուեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի լաւագոյն միջնապահը, կը հաղորդէ Ռուսիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Քուէարկութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռուսիոյ ֆութպոլի առաջին դասակարգի խումբերուն գլխաւոր մարզիչները, խմբապետները, ինչպէս նաեւ անցեալի անուանի ֆութպոլիստները եւ մասնագէտները:
Նշենք, որ Հայաստանի 2022ի լաւագոյն ֆութպոլիստը` Սպերցեան, 2022-2023 տարեշրջանին, ռուսական ակումբին հետ կատարած 28 մրցումներուն ընթացքին նշանակեց 10 կօլեր եւ կատարեց 12 կօլային փոխանցումներ: