ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Աշխատասիրութեան մասին չէ՛ մեր այս գրաւոր կարճ ակնարկը. եթէ այդպէս ըլլար, ապա կու տայինք մրջիւնին ու մեղուին օրինակը, որ այնքան անմիջական պիտի ըլլար, բացատրելու համար թէ ի՛նչ է աշխատասիրութիւնը, որովհետեւ անոնց աշխատասիրութիւնը մեծ դաս է մարդկութեան համար՝ համաձայն Աստուածաշունչի խրատին. «Մրջիւնին քով գնա՛, ո՜վ ծոյլ, նախանձէ՛ անոր գործերուն, եւ անկէ աւելի իմաստուն եղիր, որովհետեւ ան ո՛չ հողագործ է, ո՛չ վերակացու եւ ոչ ալ մէկը գլխուն կանգնած է. բայց ամրան, ան իր ուտելիքը կը պատրաստէ եւ հունձքի ժամանակ իր առատ պաշարը կ՛ամբարէ: Կամ մեղուին քով գնա՛, տե՛ս թէ ինչպէ՜ս աշխատասէր է ան եւ թէ ինչպիսի՜ ջանասիրութեամբ կ՛աշխատի, որուն վաստակը թագաւորներուն եւ աղքատներուն կը մատուցեն՝ բժշկութեան համար: Թէպէտ անիկա թոյլ է ուժով, սակայն սիրելի է ու մեծարելի բոլորին համար, որովհետեւ ինք յարգեց իմաստութիւնը եւ արժանի եղաւ յարգանքի: Մինչեւ ե՞րբ գամուած պիտի մնաս, ո՛վ ծոյլ, կամ ե՞րբ պիտի արթննաս թմբիրէդ: Քիչ մը կ՛երկննաս, կը պառկիս, քիչ մը կը նստիս, քիչ մը կը քնանաս, քիչ մըն ալ ձեռքերդ կուրքծիդ վրայ կը դնես հանգչելու համար, եւ ահա աղքատութիւնը չար ուղեւորի մը նման քովդ կը հասնի, իսկ կարիքը՝ իբրեւ ժիր սուրհանդակ, դրանդ առջեւ կը կանգնի: Բայց եթէ ծոյլ չըլլաս, այն ատեն քու ամառդ աղբիւրի նման պիտի հասնի քեզի, իսկ կարիքը՝ ինքնահալած չարամիտ մարդու մը պէս, քեզմէ հեռու պիտի փախչի» (Առ 6-11):
Ահա սուրբգրային իմաստութիւնը, որ մարդուն տրուած աստուածային շնորհքով, սեփական կեանքի փորձառութիւնը կը բաժնէ իմաստուն ընթերցողին:
Ընդունինք, որ մարդկութիւնը ծոյլերու եւ աշխատասէրներու հաւաքածոյ է, այսինքն՝ մարդկութիւնը բաժնուած է երկու յստակ խումբերու, որոնցմէ առաջինը միշտ ուտելու պատրաստ է՝ առանց յոգնելու, իսկ երկրորդը՝ անընդհատ աշխատանքի լծուած է, երբեմն ալ ապարդիւն ճիգ թափելով օրինակ հանդիսանալ ծոյլին, փոխելու համար անոր ամլութեան ուղին:
Չմոռնանք սակայն, որ կան ծոյլեր ալ, որոնց միակ աշխատանքը, նպատակադրուած կերպով քեզ շահագործել է: Այսինքն, անոնց միակ գործը քեզ գործի լծելն է, աշխատցնել, որպէսզի իրենք հանգիստ վայելեն աշխատանքիդ արդիւնքը:
Դրական մտածողութիւնը աշխատասէր մարդուն կու տայ այն մխիթարութիւնը, որ ծոյլերու շահագործումն իսկ իր մէջ աշխատունակութեան ոգին կ՛աւելցնէ, հոգ չէ թէ իր աշխատանքին մէկ մասը ծոյլերը վայելեն: Դարձեա՛լ, աշխատասէր մարդիկ մխիթարուած կը զգան, երբ հոգեկան գոհունակութեամբ կը լեցուի իրենց սիրտը, ի տես իրենց աշխատանքի արդիւնքին: Ուրեմն, ամէն պարագայի, շահագործման ենթարկուելով թէ ոչ, աշխատասէր մարդիկ գոհ կը մնան իրենց աշխատանքի արդիւնքէն:
Կրօններ եւ բարոյագիտական ուսուցումներ երկնատուր կարողութիւններու շնորհման մասին կու տան օրինակներ, որոնց թերահաւատութեամբ ունկնդիր կը դառնան անհաւատ շրջանակներ: Ասոնք ընդհանրապէս մարդկային իմացական եւ ֆիզիքական կարողութիւն կը համարեն անոնց կողմէ իրականացուող յաջողութիւնները: Այս պարագային, սակայն, ի՞նչ ըսել, երբ յաջողութիւնը կայ՝ շահագործման ենթարկուելու համար, իսկ շահագործուողը գիտէ, որ իր աշխատանքին արդիւնքը կը շահագործուի…։
Այստեղ, յաջողութեան մէջ երեւցող նոր իմացական յաջողութիւն է այն գոհունակութիւնը, որ իսկապէ՛ս երկնատուր շնորհք է: Անշուշտ անհաւատ անձեր իրենց դէմքին վրայ գծագրուած լայն ու քմծիծաղեայ ժպիտով մը պիտի հերքեն այս տեսակէտը, նոյնիսկ անմիտի տարազ հագցնելով շահագործուող մարդուն՝ ըսելով. «Յիմա՜ր, ե՞րբ պիտի անդրադառնաս, որ կը շահագործեն քեզ…»: Իցի՜ւ թէ նման մտածողութեան տէր մարդիկ, յաջողութեան մէջ զգացուող նոր իմն յաջողութեան այդ զգացումին մէկ մասը ունենային իրենց հոգիին մէջ, ճաշակելու համար գոհունակութեան այն զգացումը, որ մարդկային հոգիին անտակ էութիւնը կը լեցնէ…։
Դարձեալ, կրօնական եւ բարոյական ուսուցումները միշտ կը շեշտեն՝ ըսելով, որ աշխատասէր մարդը հոգեկան գոհունակութեան ապրումներով աւելի բաւարարուած կը զգայ, եւ եթէ նոյնիսկ համապատասխան վարձատրութիւնն ալ չտրուի իրեն, ինք բնաւ չի՛ նահանջեր աւելի լաւ ու կատարեալ աշխատանք արտադրելու ձգտումէն: Աւելին, ան իր ներքին մղումը եւ լաւ աշխատանք կատարելու խոր փափաքը գերիվեր կը համարէ մարդոց կողմէ նիւթապէս կամ բարոյապէս վարձատրուելու «հանդէս»էն, որուն համար մարդիկ որքա՜ն միջոցներու կը դիմեն, միջնորդներ գործի կը լծեն, պարզապէս՝ հրապարակաւ գնահատուելու համար:
Իր յաջողութեան քաջատեղեակ մարդը, մանաւանդ՝ գիտակից այն իրողութեան, թէ ինք կը շահագործուի ուրիշներու կողմէ, բնաւ չի՛ փափաքիր հրապարակաւ գնահատանք ստանալ, մանաւանդ զինք շահագործողներուն ձեռամբ, որովհետեւ ատիկա նոյնիսկ ծաղրանք պիտի ըլլայ իր անձին ու ծառայութեանն ուղղուած:
Ահա՛ թէ ինչպէս, ուրիշներու կողմէ շահագործուիլը, ինքնին համալսարան մը կը դառնայ այն մարդուն համար, որ խորապէս գիտակից է իր կատարած աշխատանքին, եւ նոյնիսկ ուրիշներէ շահագործուելու միջոցին հոգեկան բաւարարութեան զգացումով կը լիացնէ իր էութիւնը, ուսման ընթացքին իր տեսչութեան կողմէ բարձր կոչումներու արժանացող ուսանողի մը նման, որուն գոհունակութիւնը անսահման կ՛ըլլայ: Հոգեկան գոհունակութիւնը, կեանքի այս իւրայատուկ համալսարանի վկայականաց բաշխման հանդէսի կարիք չունի, որովհետեւ սոյն համալսարանի դասընթացքները պիտի տեւեն մինչեւ մեր կեանքի վերջին օրը: Շահագործուող մարդը իր ընթացքը չի՛ փոխեր: Անիկա զինք շահագործողներուն երբ նայի, կը տեսնէ միայն խեղճութիւններ, որոնց օգտակար կը հանդիսանայ իր անձն ու գործը ընծայելով՝ շահագործման համար: Շահագործուող մարդուն կողմէ սոյն ինքնակամ անձնամատուցումը զայն շատ աւելի կը մեծցնէ հոգեպէս, մինչդեռ շահագործողը կը փոքրանայ, եւ ամէնէն փոքր միջատէն իսկ աւելի թեթեւ կազմով կը պատկերանայ անոր աչքին:
Հետաքրքրական երեւոյթը այն է նաեւ, որ շահագործողները երբ նոյնիսկ իմանան, թէ իրենց զոհը արթնցած է, չե՛ն դադրիր զայն շահագործելէ, որովհետեւ անոնք մեծ վարժութիւն ձեռք բերած կ՛ըլլան մարդ շահագործելու, մանաւանդ որ վայելած ալ կ՛ըլլան իրենց ծուլութեամբ իսկ ուրիշին վաստակը ճաշակելու «երջանկութիւնը»:
Աշխարհի մէջ ամէնէն աժան մարդը ո՛չ թէ շահագործուողն է, այլ նոյնի՛նքն շահագործողը: Ամէն տեղ կրնաք հանդիպիլ այս տեսակի աժան մարդոց: Նոյնը չէ՞ այն ապրանքներուն պարագային, որոնցմէ շատ կայ շուկան: Սակայն, միշտ թանկարժէք կ՛ըլլան այն իրերը, որոնցմէ քիչ կը գտնուի շուկան:
Մարդիկ պիտի չյոգնին քեզ շահագործելէ, իսկ դուն, եթէ ի վերուստ գոհունակութեան զգացումը ունենալու կարողութեամբ օժտուած ես, պիտի չյոգնիս այդ զգացումդ կրկնապատկելէ՝ շահագործուելո՛վ հանդերձ…։
Թող քաջալերուին անոնք, որոնք երեւոյթներուն խորը թափանցելու կարողութիւնն ունին: