ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ նոր կառավարութիւնը Անգարայի մէջ գումարեց իր անդրանիկ նիստը: Պեշթեփէի համալիրին մէջ, նախագահ Ռեչեփ Թայիթ Էրտողանի գլխաւորած ժողովը տեւեց շուրջ չորսուկէս ժամ: Նախքան անդրանիկ նիստը, նախարարաց խորհուրդի անդամները յարգանքի այցելութիւն մը տուին Աթաթիւրքի յուշադամբանը:
Ժողովէն ետք, Էրտողան հանդէս եկաւ ծաւալուն յայտարարութիւններով, որոնց միջոցաւ ան անդրադարձաւ թէ՛ գործնական որոշումներու եւ թէ յառաջիկայ շրջանին համար որդեգրուած սկզբունքային առաջնահերթութիւններուն: Էրտողան այս փուլին կրկնեց երկրին մէջ միասնականութեան մթնոլորտի ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով, որ կառավարութիւնը պիտի ընթանայ հասարակաց յայտարարներու որոնումով: Ըստ անոր՝ ինչպէս եղած է ցայսօր, աշխատանքը պիտի շարունակուի ամբողջ Թուրքիոյ համար համընդգրկուն մօտեցումով, առանց խտրականութեան եւ արդարութենէ շեղելու: