ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ ընդունեց նախկին նախագահ Միշէլ Աունը:
Հանդիպումէն ետք, Ասատ շեշտեց, որ Լիբանանի ուժը անոր քաղաքական եւ տնտեսական կայունութեան մէջ կը կայանայ եւ հաստատեց, որ Սուրիոյ զարթօնքն ու բարգաւաճումը իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան նաեւ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն վրայ:
Ասատ ընդգծեց, որ լիբանանցիները կարողութիւնը ունին իրենց քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւնը կերտելու՝ երկխօսութեան եւ համախոհութեան ընդմէջէն՝ աւելցնելով. «Լիբանանի կայունութիւնը Սուրիոյ եւ ամբողջ շրջանի օգտին է»:
Ասատ նաեւ դրուատեց միջարաբական մերձեցումը, որ արձանագրուեցաւ վերջերս։
Միւս կողմէ, 14 Յունիսին, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի՝ խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան նիստի հրաւիրէլն ետք, «Ամալ»ի եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ սկիզբ առին աշխատանքը համադրելու որոշ քայլեր, որոնք կը միտին արգելակել «Մարատա» հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ընտրութիւնը ձախողցնելու փորձերը:
Նշենք, որ Լիբանանի գլխաւոր քրիստոնէական կուսակցութիւնները համախմբող »Ազգային ազատ հոսանք«ը եւ շարք մը այլ երեսփոխաններ որոշած են զօրակցիլ ելեւմուտքի նախկին նախարար եւ Միջազգային դրամական հիմնադրամի Միջին Արեւելքի գրասենեակի տնօրէն Ժիհատ Ազուրի թեկնածութեան, «իբրեւ մերժողական կեցուածք այն թեկնածուին (Ֆրենժիէ), որ պիտի պարտադրուի լիբանանցիներուն եւ որմէ կարելի չէ բարեկարգում եւ փոփոխութիւն յուսալ»: