Երեքշաբթի, 6 Յունիսի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսը Օթթաուայի մէջ հանհիպում մը ունեցաւ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի շրջափակման եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներուն ու խաղաղութեան գործընթացին վերաբերող հարցեր:
Կաթողիկոսը եւ վարչապետը փոխադարձ երախտագիտութիւն յայտնեցին եւ վերահաստատեցին խաղաղութեան, արդարութեան եւ հանդուրժողականութեան համար պայքարելու իրենց յանձնառութիւնը: Անոնք նաեւ ընդգծեցին մարտահրաւէրներու լուծման համար իրենց մնայուն համագործակցութեան կարեւորութիւնը։
Հանդիպման ներկայ էին Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի, Գանատայի խորհրդարանի Հայաստան-Գանատա բարեկամական խմբակցութեան նախագահ Պրայն Մէյ, առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Քէյմպրիճի հոգեւոր հովիւ հայր Գեղարդ Քիւսպէքեան եւ հայրապետին գաւազանակիրը՝ Պարոյր վրդ. Շերնեզեան։