ԱՐՑԱԽԻՆ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱՆԿԱԽՈՒԹՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ԿՈՉ
Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քերըն Պես եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեան անգամ մը եւս պաշտօնական գրութեամբ մը դիմեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին՝ անոնցմէ պահանջելով, որ գործնական քայլերու դիմեն՝ վերջ տալու համար Արցախի ոճրային պաշարումին, անմիջական օգնութիւն տրամադրելու Արցախի ժողովուրդին եւ պաշտօնական ճանաչում շնորհելու Արցախի Հանրապետութեան։
7 Յունիս թուակիր նամակէն օրինակներ յղուեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերու բարձրաստիճան անդամներուն եւ Միացեալ Նահանգներու միջազգային աջակցութեան հիմնարկին։
Պես եւ Գրիգորեան նման նամակ մը յղած էին նաեւ Յունուարի սկիզբը։
Նամակին հեղինակները կը յայտնեն, թէ եթէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները շարունակեն ձեռնածալ հետեւիլ Արցախի իրադարձութիւններուն, բռնապետական Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կրնան իրականութեան վերածել իրենց բնիկ հողին վրայ ապրող արցախցիներուն դէմ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը:
Անոնք նաեւ կը պահանջեն շօշափելի գործողութիւններու ձեռնարկել Ատրպէյճանի դէմ եւ պատասխանատուութեան ենթարկել այդ երկիրը՝ իր պատերազմական յանցագործութիւններուն համար՝ Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի 907րդ բաժինին հիման վրայ:
Նամակը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել կայքէջը։