ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Ակումբ բառը շէնքային իմաստով բառացիօրէն կը նշանակէ հաւաքավայր, ժողովատեղի, բայց նաեւ կը նշանակէ հաւաքականութիւն, միութիւն կամ բազմութիւն։ Երեւոյթը իբրեւ կառոյց եւ միաւորում հեռաւոր պատմական անցեալ չունի։ Առաջին ակումբ հասկացութիւնը կու գայ ֆրանսական յեղափոխութեան շրջանէն։ Հայկական իրականութեան մէջ ակումբ հասկացութիւնը ունի մէկ դարեայ պատմութիւն, թէ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ։
Սփիւռքի կազմաւորման շրջանին, տարբեր կուսակցութիւններու եւ միութիւններու գործունէութեան համար, դպրոցներու եւ եկեղեցիներու կողքին, շինուեցան ակումբներ եւ հայ հաւաքականութիւններու կեանքը բոլորուեցաւ այս եռեակին շուրջ։ Դպրոցը իբրեւ գիտութեան կեդրոն, եկեղեցին որպէս հոգեւոր կեդրոն, իսկ ակումբները որպէս մշակութային, մարզական կամ ազգային-քաղաքական կեդրոններ։
Այս ժամանակաշրջանին է որ տարբեր գաղութներու մէջ ծնունդ առին Դաշնակցութեան ակումբները, որոնք վերեւ նշուած եռեակին ամէնէն աշխուժ, գործունեայ եւ գաղութի կազմաւորման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ստանձնող կեդրոնները դարձան։ Մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, ակումբները ունեցան եւ տակաւին ունին նշանակալից դեր, մինչեւ անգամ գաղութներու ֆիզիքական ապահովութեան գործին մէջ։ Այս իմաստով անուրանալի եւ անհերքելի է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին Դաշնակցութեան ակումբներուն եւ անոր շուրջ բոլորուած հայորդիներուն եւ մանաւանդ երիտասարդներուն անսակարկ նուիրումը հայութեան ապահովութեան։ Անոնք հայութեան գոյութեան եւ ապահովութեան յուսալի կռուաններն էին։ Եւ այս հանգամանքը այնքան խոր արմատներ ձգած է մեր ժողովուրդի ենթագիտակցութեան մէջ, որ մեր ակումբները կոչեց Ժողովրդային Տուն։
Ժամանակի ընթացքին ակումբները նոյնպէս «արդիականացան»։ Անոնք անցեալի «անհրապոյր» եւ «մռայլ» շէնքերը չեն այլեւս։ Տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր պայմաններու մէջ անոնք վերանորոգուեցան, նոր յարմարութիւններով օժտուեցան, փոքր շէնքերը հասակ առին յաւելեալ կարելիութիւններ ընձեռելով այնտեղ յաճախողներուն։ Բայց եւ այնպէս, Դաշնակցութեան ակումբները պահեցին եւ կը պահեն իրենց դիմագիծը եւ առաքելութիւնը։
Եւ ի՞նչ է այդ առաքելութիւնը։
Դաշնակցական ակումբը այն վայրը չէ, ուր կուսակցականը կը յաճախէ միայն ժողով գումարելու, քննարկումներ կատարելու, իր անդամավճարը տալու եւ իրեն վստահուած աշխատանքը տանելու։
Այն շէնքը չէ, ուր պատանիները եւ երիտասարդականի անդամները կը յաճախեն միայն իրենց ժողովները գումարելու, ձեռնարկները ծրագրելու, ժամանցի պահեր ստեղծելու եւ դաշնակցականօրէն պատրաստուելու։
Ոչ ալ այն շէնքն է, ուր Օգնութեան խաչի անդամ-անդամուհիներ կը յաճախեն միմիայն ժողովներ գումարելու, բարեսիրական ձեռնարկներ ծրագրելու եւ իրագործելու։
Ոչ ալ այն շէնքն է, ուր միայն համակիրներ ներկայ կ՛ըլլան տարբեր պատճառներով, ժամանցի պահեր անցնելու, խնդրանքով մը եւ հարցով մը ներկայացած ըլլալու եւ կամ պարտականութեան գիտակցութեամբ կոչի մը արձագանգելու։
Ոչ ալ այն շէնքն է, ուր մարդիկ կ՛երթան օրուան թերթը կարդալու, զրուցելու առօրեայ մտահոգութիւններէն մինչեւ հայ ժողովուրդը մտահոգող տարբեր հարցերու շուրջ։
Այն վայրը չէ, ու միմիայն դասախօսութիւններ, տարբեր առիթներու համար տօնակատարութիւններ, խրախճանքներ կամ այլ հանդիսութիւններ կը կազմակերպուի։
Այն շէնքը չէ, ու միմիայն դաշնակցական ժողովներ կը գումարուին եւ հայութեան առօրեայ կեանքին հետ առընչուող որոշումներ կը տրուին եւ աշխատանքներ կը կազմակերպուին։
Դաշնակցական ակումբը այս բոլորը մէկտեղող եւ այս բոլորին խթանը հանդիսացող ոգեղէնութիւն ունեցող քարէ կալուածն է։ Հոն ամէն ինչ Դաշնակցութիւն է։ Մեր պատմութեան հերոսներուն, գործիչներուն եւ նահատակներուն շունչն ու պատգամի առկայութիւնը զգալի կը դառնան հոն։ Նոյնիսկ հոն տեղադրուած նկարները տարբեր իմաստ եւ հմայք ունին զայն դիտողներուն համար։ Անբացատրելի շունչ մը կայ, որ կը համակէ իւրաքանչիւր այցելու, դաշնակցական ընկեր ըլլայ թէ համակիր կամ այլազգի օտարական։
Տարբեր տարիքներու եւ սերունդներու հաւաքավայրը եւ ժամադրավայրն է Դաշնակցութեան ակումբը։ Անոր յարկին տակ սերունդներու շաղկապումը եւ անոր միջոցով ջամբուող անուղղակի դաշնակցական դաստիարակութիւնը հիմքերն են մեր ակումբներուն։ Այդ առաքելութիւնը ոչ մէկ տեղ չէ արձանագրուած, բայց անգիտակցաբար, առանց կազմակերպելու շատ բնականօրէն տեղի կ՛ունենայ։ Նորահաս սերունդներ ականատես դառնալով երէց ընկերներու աշխատանքին, անոնց գաղափարական աշխարհին, ակումբէն ներս անոնց դաշնակցականավայել կեցուածքին եւ ընթացքին, կը զինուին դաշնակցականութեամբ։ Այս մթնոլորտը եւ ոգին այլ ակումբներու մէջ դժուար թէ կարելի ըլլայ գտնել։
Այսպիսի մթնոլորտի եւ պայմաններու մէջ հասակ առած են հազարաւորներ, նուիրեալներ եւ հայութեան կեանքի տարբեր բնագաւառներու մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնած անհատ-կուսակցականներ։
Պէ՞տք է պահել այս մթնոլորտը։ Յատուկ ծրագրումի կարիք չկայ այս մթնոլորտի պահպանման համար, այնպէս ինչպէս յատուկ աշխատանք չէ տարուած զայն ստեղծելու։ Պարզապէս պէտք է գիտակցիլ, որ մեր ակումբները ունին նոյնքան մեծ նշանակութիւն որքան եկեղեցին կամ հայ դպրոցը։ Անոնք նոյնպէս դաստիարակչական առաքելութեան օճախներ են, որոնք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ համեստօրէն կը կատարեն իրենց գործը։
Այլ խօսքով, Դաշնակցութեան ակումբները սերունդներուն հայօրէն եւ դաշնակցականօրէն դաստիարակելու շտեմարաններ են։