Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու մամլոյ բանբեր Նապիլա Մասրալի շրջափակուած Արցախին վերաբերեալ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը , որուն մէջ կը շեշտէ, որ Եւրոպական Միութիւնը լրջօրէն մտահոգ է Լաչինի միջանցքի գրեթէ ամբողջական փակումով եւ նկատել կու տայ, որ այս քայլը ուղղակիօրէն կը սպառնայ տեղւոյն բնակչութեան կենսապահովման եւ լուրջ մտավախութիւններ կը պատճառէ մարդասիրական հաւանական ճգնաժամի մը վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը։
Ըստ վերոնշեալ հաղորդագրութեան՝ միութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին, Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ աճող լարուածութեան, երկու երկիրներու միջազգային սահմանի երկայնքով ամէն օր արձանագրուող կրակոցներու` ի լրումն ղարաբաղեան շփման գիծին մէջ նման միջադէպերու:
«15 Յունիսէն սկսեալ, Լաչինի միջանցքի գրեթէ ամբողջական փակումը խիստ մտահոգիչ է: Անիկա ուղղակի կը սպառնայ տեղւոյն բնակչութեան կենսապահովման ու լուրջ մտավախութիւններ կը պատճառէ մարդասիրական հաւանական ճգնաժամի մը վերաբերեալ: Վերջին բարձր մակարդակի հանդիպումներու շարքէն ետք, Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ ներգրաւուած ըլլալ ամէնէն բարձր քաղաքական մակարդակի վրայ` օգնելու մեղմելու այդ լարուածութիւնը եւ գտնելու փոխադարձ ընդունելի լուծումներ», կը նշէ Մասրալի։
Արցախի մուտքին, Հակարիի կամուրջին մօտ իրավիճակին ծանօթանալէ ետք, կացութեան մասին «Թուիթըր»ի վրայ գրառում կատարած է նաեւ օրեր առաջ անձամբ հոն գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազօ:
«Տեսանք Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ամբողջական փակումը: Լեռնային Ղարաբաղի 120,000 հայութիւնը կտրուած է ամէն ինչէ: Ռուս զինուորները, որոնք պէտք է զանոնք պաշտպանեն, անգործունեայ են», գրած է Լուազօ, որ կ՛աւելցն՝ ըսելով. «Եւրոպական առաքելութիւնը ճշգրիտ կը փաստագրէ իրավիճակը, եւ Հայաստան կ՛ողջունէ անոր ներկայութիւնը: Այսպիսով, եւրոպական կառոյցները ոլորովին տեղեկացուած են իրավիճակին մասին: Անոնց արձագանգը համարժէք չէ մարդասիրական ճգնաժամին եւ նկատուող ռազմական լարուածութեան»:
21 Յունիսին, Սիւնիք այցելած եւ Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքին մօտ դիտորդական խումբին հետ հսկողութիւն կատարած Լուազօ օրին յայտարարած էր, որ Լաչինի միջանցքի փակումը ապօրինի է եւ պէտք է դադրեցուի: Ան նաեւ շեշտած էր, թէ Եւրոպական խորհրդարանը ամբողջովին կողմ է Լաչինի միջանցքը փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու գաղափարին: