Պաքուի մէջ Ոչ յանձնառու շարժումի հակամարգող գրասենեակի նախարարական հանդիպումին ընթացքին, իր արտասանած խօսքին մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Ֆրանսա կը շարունակէ նոր գաղութատիրական քաղաքականութիւնը, որուն գծով մեծապէս մտահոգ է Ատրպէյճան` շեշտելով, որ Ֆրանսայի քայլերը դատապարտուած են ձախողութեան։
Այս ծիրին մէջ, ան պնդեց, թէ «Ֆրանսա Ղարաբաղի մէջ կ՛աջակցի հայկական անջատողականութեան»:
«Ֆրանսա` մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի կեղծ պաշտպանի քօղին տակ կը շարունակէ միջամտել այլ երկիրներու ներքին գործերուն», ըսաւ Ալիեւ։
«Դժբախտաբար, Ֆրանսա կը փորձէ նոյն արատաւոր գործելաոճը պարտադրել Հարաւային Կովկասի մէջ՝ աջակցելով հայկական անջատողականութեան Ատրպէյճանի Ղարաբաղ տարածաշրջանին մէջ եւ օգտագործելով աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը, արտաքին զինուորական ներկայութիւնը եւ օրիանթալիզմի գաղութային քաղաքականութիւնը», յայտնեց Ալիեւ։
Փարիզ չարձագանգեց Ատրպէյճանի մեղադրանքներուն։