ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Երեւանի Կիլիկիա թաղամասի բնակչութիւնը կազմուած է տեղացի եւ 1946-1948ին Հայաստան ներգաղթած հայերէ: Ըստ Աղասի Թատեւոսեանի՝ Երեւանի մէջ, վերջերս տեղի ունեցած գիտաժողովի մը ընթացքին, իր ներկայացուցած «Խորհրդային առօրեականութեան ապախորհրդայնացման պրակտիկաները (կիրառումները) 1970-80ական թուականների Երեւանում» նիւթին, այդ թաղամասի բնակիչներէն ներգաղթող «ախպար»ի զաւակ մի ոմն, անձրեւոտ օր մը, ձեռքին հովանոց մը բռնած՝ փողոց դուրս կու գայ: Այդ բաւարար էր, որ դրացիներուն խնդուքի առարկան դառնար եւ մկրտուէր «զոնթիկ» (հովանոց) անունով (տղամարդուն վայե՞լ էր հովանոց բռնել)։ Աւելին՝ ամուսնանալէ ետք անոր կինն ալ «զոնթիկին կինը» պիտի կոչուէր, յետոյ զաւակը՝ «զոնթիկին տղան». սակայն բանախօսը շարունակեց՝ ըսելով, թէ ժամանակ մը ետք, հետզհետէ աւելցան հովանոց օգտագործողները, թէեւ միայն սեւ գոյնի (ամօթ էր գունաւոր հովանոց օգտագործելը) մինչեւ որ անոր գործածութիւնը դարձաւ շատ սովորական երեւոյթ մը:
Տարիներով շատ բան լսած ենք հայրենադարձութեան երեւոյթին եւ հասկացութեան մասին, երբեմն անոր տալով հապճեպ եւ մակերեսային բացատրութիւն, անոր իրականացման առջեւ գտնուող արգելքները դրժելուն եւ քննադատութեան դանդաղութեան մասին, իսկ Սփիւռքի կողմէ՝ անոր ընթացք տալու վարանումներուն կամ ընդհանրապէս անոր կազմակերպուած քարոզչութեան եւ քաջալերանքին բացակայութեան մասին: Ինչպէս կ՛երեւի, անոր իրականացումը եւ յաջողութիւնը որոշ չափով նուազագոյնը երեք մասերէ եւ բազմաթիւ ենթամասերէ կախեալ են.
1. Հայրենադարձողի փափաքէն. այս մէկը առաջին եւ ամէնէն ուժեղ խթանիչն է հայրենադարձութեան եւ այդ ալ իր կարգին արդիւնքը կրնայ ըլլալ զանազան գործօններու.
Ա. Հայրենադարձողի հայրենասիրութենէն. Այս մէկը շատ վիճելի գործօն է, որովհետեւ միանշանակ չենք կրնար բոլոր հայրենիք չվերադարձողները դասել հայրենիքը չսիրողներ կամ նուազ սիրողներ: Պէտք է ընդունիլ որ, մարդիկ երկար տարիներ իրենց երկիրին կամ ծննդավայրին մէջ մեծցած ըլլալով՝ յարմարած եւ միաձուլուած կ՛ըլլան այդ երկիրի մշակոյթին, բարքերուն, լեզուին եւ սովորութիւններուն: Պէտք չէ թերագնահատել նաեւ ապրուստ հոգալու, ասպարէզի եւ տնտեսական գործօնները, որոնք անմիջական եւ շօշափելի են, մինչ միւս կողմէ օտարացած կամ բոլորովին անծանօթ իր դաւանած եւ վերացական արժէք մնացած «հայրենիք»ի մշակոյթին, սովորութիւններուն եւ լեզուին: Պէտք չէ նոյնիսկ հայրենիքէն հեռացողները մեղադրել զայն չսիրելուն մէջ: Աշխարհի տարածքին այժմ կան մօտաւորապէս հարիւր միլիոն գաղթականներ, որոնք իրենց երկիրներէն հեռացած են քաղաքացիական պատերազմներու, բնական աղէտներու, սովի եւ աղքատութեան պատճառներով: Մեզի ամէնէն ծանօթը սուրիացի գաղթականներու պատմութիւնն է: Առաւել քան տասնամեակէ մը ի վեր, Լիբանան ապաստանած սուրիացիները կը հաշուեն առաւել քան մէկուկէս միլիոն։ Անոնք արդէն յարմարած են նոր կեանքի ձեւին, երկիրին, սովորութիւններուն եւ ապրելակերպին։ Անոնցմէ շատերը կորսնցուցած են Սուրիոյ մէջ իրենց ունեցուածքը եւ չեն փափաքիր վերադառնալ՝ ներկայիս անապահովութեան եւ ապրուստի միջոցներու բացակայութեան պատճառով:
Բ. Պարտադրուած հայրենադարձութիւն. այս մէկը կը վերաբերի այն գաղութներուն, որոնք տնտեսական,եւ քաղաքական անկայունութեան, պատերազմի, քաղաքացիական պատերազմի եւ այլ ճգնաժամերու մէջ կը գտնուին: Այս կացութեան մէջ գտնուող երկիրներէն են՝ Իրան, Իրաք, Սուրիա եւ Լիբանան, որոնցմէ վերջին երկու տասնամեակներուն շօշափելի հայրենադարձութիւն տեղի ունեցաւ, սակայն, ցաւով պէտք է արձանագրել նաեւ, որ ընդհանրապէս արեւմտեան երկիրներ արտագաղթելու հնարաւորութենէն զրկուած ըլլալու արդիւնք էր:
2. Գաղութային իշխանութիւններու կամքէն. այս մէկը կը վերաբերի գաղութներու մէջ գործող զանազան ազգային իշխանութիւններու, ըլլա՛ն անոնք աշխարհական, քաղաքական կամ հոգեւոր, որոնք, նոյնիսկ համայնքին վրայ նուազագոյն ազդեցութիւն ունենալու պարագային՝ հեղինակութիւն են: Այդ իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած թելադրանքը եւ խրախուսումը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենար հայրենադարձութեան յաջողութեան վրայ: Մեր պարագային, այդ մէկը ի սպառ կը բացակայի, նոյնիսկ կարելի է ենթադրել հակառակը: Ո՞վ չի յիշեր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ առիթով մը արտայայտուած այն միտքը, թէ աւանդական Սփիւռքէն ներգաղթ ակնկալելու փոխարէն, թող Ռուսիոյ տարածքին գտնուող հայերը վերադառնան հայրենիք: Քաղաքական իշխանութիւններն ալ նոյն քօղարկուած քաղաքականութեան հետամուտ եղած են, երբ Սուրիոյ եւ Լիբանանի գաղութներուն ակնարկելով, միշտ ալ պնդած են թէ, հակառակ այդ երկիրներուն եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի բոլոր գաղութներուն մէջ տիրող ճգնաժամերուն, հայութիւնը կառչած պիտի մնայ այդ գաղութներուն եւ դիմագրաւէ ամէն դժուարութիւն: Այս քաղաքականութեամբ յստակ եւ պարզ կը դառնայ հայրենադարձութեան նկատմամբ յստակ դժկամութիւնը կամ կրաւորականութիւնը:
3. Հայրենի երկիրի իշխանութիւններու կամքէն. անկախութեան առաջին տարիներէն սկսեալ յաջորդական իշխանութիւներու կողմէ նկատելի էր հայրենադարձութեան նկատմամբ ոչ մէկ լուրջ եւ ծրագրուած նպատակ: Առաջին հայեացքով, բնական պիտի ըլլար պատճառը փնտռել երկիրի թոյլ տնտեսութեան, պատերազմին եւ նիւթական միջոցներու սակաւութեան մէջ, սակայն, աւելի խորաթափանց հայեացքով, ի յայտ կու գայ, որ երկիրի հարստութիւնները, որոնք կարելի էր օգտագործել եւ ներդրել պետութեան տնտեսական, ռազմական, եւ ժողովրդագրական հզօրութեան՝ ներառեալ հայրենադարձութեան կազմակերպման վրայ, մսխուած էին թալանի եւ կողոպուտի վրայ, որոնց անմիջական հետեւանքը եղաւ շարունակական արտագաղթը՝ հայրենադարձութեան փոխարէն:
Հայաստանի հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին, թերեւս առաջին եւ միակ կազմակերպուած հայրենադարձութիւնը տեղի ունեցած էր Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին, մասնաւորաբար 1946-1948ին, երբ աշխարհի զանազան շրջաններէ, բայց մասնաւորաբար միջինարեւելեան երկիրներէ Հայաստան ներգաղթեցին մօտաւորապէս հարիւր հազար հայեր: Այդ հայրենադարձութիւնը հիմնականին մէջ իրականացուած էր քաղաքական նկատառումներով, նկատի ունենալով այդ ժամանակ Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան մօտ արեւմտեան Հայաստանէն տարածքներ կցելու նկրտումները եւ այդ ուղղութեամբ որոշ յոյսերը, որուն համար իբրեւ թէ այդ շրջաններէն քշուած եւ տեղահանուած հայ բազմութիւններուն ներգաղթելու թախանձանքին անսալով:
Շուտով յայտնի դարձաւ, որ Թուրքիոյ պատկանող հայկական հողեր կցելու յոյսը անիրականանալի էր, իսկ ներգաղթի ծրագիրը՝ շատ թերի կերպով կազմակերպուած: Փաստօրէն, Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւնները կարողութիւնը չունէին այդ բազմութիւնները բնակարաններով ապահովելու: Երկիրը տակաւին կը տառապէր Համաշխարհային Բ. պատերազմին՝ հայ ժողովուրդին վրայ ձգած դառն հետեւանքներէն: Երկիրին մէջ համարեա սով էր, համատարած թշուառութիւն, իսկ ներգաղթի կոչը ըրած էին սուտ քարոզչութեամբ՝ հրաւիրելով հայ տարագիրները դէպի բարգաւաճ եւ դրախտանման վայր: Ներգաղթող բազմութիւններու հիասթափութինը եւ դժգոհութիւնը մէկ կողմէ, իսկ բնիկ հայութեան ծայրայեղ աղքատութիւնը միւս կողմէ պատճառ պիտի դառնային բնիկի եւ եկուորի միջեւ առնուազն պետական պաշտօններ վստահելու մակարդակին վրայ խտրական քաղաքականութեան, որուն պիտի նպաստեր լեզուական, տարբեր ժողովուրդներու հետ շփման պատճառով մշակութային, կենցաղային եւ այլ տարբերութիւնները: Հայրենադարձները կը ճանչցուէին «ախպար»ներ ածականով: Այս բոլորով հանդերձ, անուրանալի է հայրենադարձներուն բերած բարիքները: Անոնք իրենց հետ բերին արհեստները, արտասահմանի մէջ իրենց ձեռք ձգած փորձառութիւնները եւ այլն, ինչպէս վերեւը յիշուած «զոնթիկ»ի գործածութիւնը:
Հայաստանի 1991ի անկախութեան յաջորդող տարիներուն եւ մինչեւ այսօր, Սփիւռքի համայնքներէն հայեր կը շարունակեն գալ եւ հաստատուիլ, սակայն այդ մէկը կազմակերպուած բնոյթ չունի: Այլեւս մարդիկ կու գան առանց խաբուելու, ինչպէս 1946-48ին: Կու գան բաւական լաւ ճանչնալէ եւ համոզուելէ ետք, պայմանով որ կարենան իրենց ապրուստը հոգալ: Կան նաեւ անոնք, որոնք Միջին Արեւելքի ծանօթ ճգնաժամերուն պատճառով եկած եւ հաստատուած են. անոնցմէ մաս մը, որոնք չեն յարմարած մշակութային տարբերութիւններու կամ չկարենալով ապրուստ հոգալ, վերադարձած են իրենց ծննդավայրերը կամ ձեւով մը արտագաղթած արեւմտեան երկիրներ: Այս ձեւի ներգաղթը աւելի տրամաբանական է, որովհետեւ մարդիկ կու գան համոզուած եւ արդէն բաւական լաւ ճանչնալէ ետք երկրին պայմանները, իսկ յուսախաբութեան պարագային, մնալու պարտադրանքէ զուրկ, ազատութիւնը կ՛ունենան վերադառնալու, ուրիշ երկիր տեղափոխուելու:
Իսրայէլ, որ իր անկախութենէն մինչեւ այսօր անընդհատ ներգաղթեալներ կ՛ընդունի, զուրկ չէ արտագաղթէ, որ ինչպէս մեր մօտ, արդիւնքն է արաբներու հետ շարունակուող ազգամիջեան բախումներուն, աւելի բարեկեցիկ կեանք ապրելու տենչին եւ բազմաթիւ այլ գործօններու: Ըստ 2000ի վիճակագրական ոչ-պաշտօնական տուեալներու՝ Ամերիկայի մէջ իսրայէլացի հրեաներու թիւը կը գնահատուէր 200,000 – 500000, առանց նկատի ունենալու Եւրոպայի եւ Աւստրալիոյ թիւերը:
Մեր աչքերուն առաջ է վերջին տասնամեակին, արտասահմանէն ներգաղթած հայերու դրական ազդեցութիւնը հայրենիքի շարք մը ոլորտներուն վրայ: Տեսանելի են առաւելաբար հայկական խոհանոցին զարգացումը, նոր եւ ճոխ ճաշատեսակներու ներածումը եւ ճաշարաններու արդիականացումը, որոնք անվիճելիօրէն նպաստած են զբօսաշրջութեան զարգացման: Քիչ չէ նաեւ արհեստներու զարգացումը, մանաւանդ մեքենաշինական: Թերեւս կարեւոր եւ վարակիչ գործօն է ներգաղթող հայերու տարբերող աշխատասիրութիւնը:
Փաստ է, որ ներգաղթելու համար, հայրենասիրութիւնը միակ գործօնը չի կրնար ըլլալ: Անհրաժեշտ եւ թերեւս ամէնէն կարեւորը տնտեսական գործօնն է: Ահա՛ այստեղ է պետութեան դերը: Իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է՝ երկիրը դարձնել եկուորին համար գրաւիչ։ Որքան գրաւիչ եւ շահութաբեր ըլլայ անիկա, այնքան աւելի ներգաղթող կ՛ըլլայ, որքան աւելի ներգաղթող՝ այդքան աւելի բնակչութիւն եւ, հետեւաբար, տնտեսական շրջանառութիւն։ Որքան աւելի տնտեսական բարենպաստ վիճակ ըլլայ, այդքան աւելի՝ մարդկային հոսք: Առաջին հերթին, այդ բարենպաստ վիճակը պէտք է ներգրաւէ Ռուսիոյ հայկական համայնքը, որ Հայաստանէն տեղափոխուած ըլլալով՝ մշակութային, լեզուական եւ այլ տարբերութիւններ չունի:
Հայեր հասած են մինչեւ բեւեռային կլիմայ ունեցող երկիրներ, ինչպէս Սիպերիա եւ Ալասքա, մինչեւ անապատային հեղձուցիչ երկրամասեր, ինչպէս՝ Ալճերիա, Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ հանդուրժելով այդ երկիրներուն մէջ իրենց սպասող մշակութային տարբերութիւնները (cultural shock), զուտ տնտեսական պատճառներով: Վստահաբար, Հայաստանի մէջ հաստատուիլը շատ աւելի հաճելի է եւ գրաւիչ:
Պետութեան ճիտին պարտքն է՝ երկիրը տնտեսապէս բարգաւաճ դարձնելու ծրագիրներ մշակել:
Հայրենիքը աշխարհասփիւռ հայութեան վերադարձին պէտք ունի: Հայերու պէտք ունի: