ԴՈԿՏ. ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

1991ին, Հայաստանի անկախացումով նոր հանգրուան մը բացուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան համար։ Ամբողջ 70 տարիներ անկախութեան գաղափարի ջահակիրը հանդիսացած՝ անիկա մուտք գործեց Հայաստան՝ իր գաղափարները տարածելու, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքները հայրենիքի մէջ հունաւորելու եւ զայն խարիսխը դարձնելու իր վերջնական նպատակներու իրագործման։
Հայաստանի մէջ կազմակերպութեան վերընձիւղումը այն յոյսը ներշնչեց մասնաւորաբար կուսակցականներուն, թէ հայրենիքի մէջ գործելով՝ Դաշնակցութիւնը նոր շունչ պիտի ստանայ եւ գաղափարականօրէն աւելիով հարստանայ, որ իր հերթին իր դրական անդրադարձը պիտի ունենար թէ՛ կազմակերպութեան յաւելեալ ուժականութեան եւ թէ, մասնաւորաբար, սփիւռքեան օճախները վերակազմակերպելու եւ անոնց գոյութեան նոր իմաստ տալու եւ քաղաքական մեր դատը աւելի կազմակերպուած եւ նպատակասլաց աշխատանքի նոր հորիզոններու ձեւաւորման մէջ։
Սակայն, դժբախտաբար, կուսակցութեան հապճեպ մուտքը Հայաստան ոչ միայն սպասուած արդիւնքը չտուաւ, այլեւ դուռ բացաւ բազմաթիւ նոր հարցերու՝ թէ՛ կազմակերպական եւ թէ գաղափարական-քաղաքական։
Առաջին տարիներուն (1990-1998), Արցախի առաջին պատերազմը եւ անոր առթած մթնոլորտը որոշ չափով իբրեւ «ծածկոյթ» ծառայեցին ներկուսակցական եւ ընդհանրապէս կուսակցութեան դիմագրաւած հարցերուն։ Իսկ 1998էն ետք, երբ Դաշնակցութիւնը մասնակից դարձաւ յաջորդական իշխանութիւններուն կամ սատարեց անոնց՝ երեւան եկաւ կուսակցութեան քաղաքական եւ գաղափարական շեղումը իր ծրագիրէն, սկզբունքներէն, աւանդութիւններէն եւ բարոյական այն հսկայական շէնքէն, որ ամբողջ հարիւրամեակ մը նուիրեալներու զոհողութեամբ եւ նահատակութեամբ կերտուած էր։
Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ դարձաւ իշխանատենչութեամբ վարակուած քաղաքական կուսակցութիւն մը, մոռնալով պատմական այն առաքելութիւնը, զոր իր հիմնադիրները ժառանգ ձգած էին։
Դառնալով իշխանութեան մաս, անիկա քաղաքականապէս, տնտեսապէս, գաղափարականօրէն եւ շատ յաճախ նաեւ բարոյապէս լծակից դարձաւ Հայաստանի ոչ-ժողովրդավար իշխանութիւններուն։ Այս փաստը պատճառ դարձաւ, որ անիկա ամբողջութեամբ կորսնցնէ իր անկախութիւնը եւ հայակեդրոն քաղաքականութիւն վարելու իր ազատութիւնը, որմով յատկանշուած էր աւելի քան հարիւր տարիներ։ Այլ խօսքով՝ Հայաստանի ՀՅԴ կառոյցը, որ պէտք է դառնար կուսակցութեան գաղափարական շունչ հաղորդողը եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն պահանջատիրութեան դրօշակիրը, կազմակերպականօրէն դարձաւ պալար մը, որ բուժման կը կարօտի։
Ասոր զուգահեռ, Սփիւռքը ուժաքամ եւ ապաքաղաքականացնելու յատուկ քաղաքականութիւն մը տարուեցաւ։ ՀՅԴ 20րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ քաղաքականացում եւ յեղափոխականացում բանաձեւերը լռելեան դարակներու մէջ դրուեցան։ Անոնց փոխարէն զարկ տրուեցաւ կեղծ հայրենասիրական նշանախօսքերու, որոնք ժամանակի ընթացքին աւերներ գործեցին թէ՛ կուսակցութենէն ներս եւ թէ Դաշնակցութեան համակիրներուն մօտ, որոնք օրէ օր հիասթափելով՝ սկսան հեռանալ անոր հովանիէն։
Այս բոլորին ի տես՝ կազմակերպութեան մէջ գոյութիւն ունեցող այս հարցերը բարձրաձայնող եւ մտաւորական հակումներ ունեցողներու հանդէպ ՀՅԴի ղեկավարութիւնը դիմեց իր «երկաթեայ կարգապահութեան» տրամաբանութեան եւ կանոնագիրի յօդուածները կամայականօրէն մեկնաբանելով՝ փորձեց «մաքրագործել» շարքերը, մոռնալով որ Դաշնակցութիւնը դադրած է յեղափոխական ընդյատակեայ կուսակցութիւն ըլլալէ, այլ պետականութիւն ունեցող երկիրի մը մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւն է: ՀՅԴն դարձաւ միահեծան կուսակցութիւն, անուանական ժողովրդավարութեամբ, կուսակցականներու մեծամասնութեան կամքի եւ միտքի ահաբեկման, ազատութիւններու կաշկանդումի օրինակելի կառոյց (տեղին է անդրադառնալ, որ Դաշնակցութիւնը լրջօրէն կը տառապի մտաւորականութեան պակասէն: Այլեւս չկայ դաշնակցական մտաւորական ղեկավարութիւն Զէյթլեաններու,Մարուխեաններու, Տասնապետեաններու, Փափազեաններու, օրինակով: Չկան դաշնակցական գաղափարախօսութիւնը տարածող մտաւորականներ: Բոլորն ալ հեռացուած կամ հրաժարած են շարքերէն, իսկ մաս մըն ալ շարքային ըլլալով հանդերձ՝ կա՛մ կաշկանդուած է կամ ալ կամովին կը մերժէ մասնակցիլ կիսամտաւորական կրկէսին)։
Հայաստան մուտք գործելով, այնտեղ դաշնակցականութիւն տարածելու փոխարէն, համայնավար բարքերը լաւագոյնս թափանցեցին ՀՅԴէն ներս, որուն բնական արդիւնքը պիտի ըլլար Դաշնակցութեան ամբողջական վարկաբեկումը եւ հեղինակազրկումը՝ յաչս հայրենի մեր ժողովուրդին։
Կուսակցութեան վարած ներքին այս քաղաքականութինը միաժամանակ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ Սփիւռքի գաղութներուն վրայ։ Գաղութներուն մէջ եւս կուսակցութիւնը չունի իր երբեմնի հեղինակութիւնը եւ վարկը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ գաղութները սկսած են քայքայման ճամբան բռնել։ Եթէ Միջին Արեւելքի գաղութները ապահովական եւ տնտեսական պատճառներով նօսրացած են, այդ չի նշանակեր, թէ այնտեղ գտնուող հայութիւնը պիտի չհաւաքուէր Դաշնակցութեան շուրջ։ Բայց բոլոր փաստերը հակառակը ցոյց կու տան։ Օրինակ՝ երեսնամեակ մը առաջ, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն գաղութին 80 առ հարիւրը կը քուէարկէր ՀՅԴին, իսկ վերջին ընտրութեան լիբանանահայութեան կէսէն աւելին քուէարկած է Դաշնակցութեան ցանկի մրցակից հայ անհատներու։ Ինչպէս բացատրել Ֆրանսայի նման գաղութի մը մէջ (կը խօսուի 500,000ի մասին), Դաշնակցութեան համարեա բացակայութիւնը կամ անգործութիւնը։
Այս բոլորին զուգընթաց, եւ ի տարբերութիւն միւս շրջաններուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանը թէ՛ քանակապէս եւ թէ որակական առումով զարթօնք մը սկսաւ ապրիլ եւ այսօր կը համարուի սփիւռքահայութեան ամէնէն ուժական եւ կազմակերպուած գաղութը։ Այս փաստը պատահականութեան արդիւնք չէր, այլ՝ գաղութի ղեկավարներու եւ մասնաւորաբար տեղի յաջորդական ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէներու կողմէ տասնամեակներէ ի վեր նուիրեալ, անբասիր եւ հետեւողականօրէն կազմակերպուելու, աշխատելու եւ հայկականութիւնը ոչ միայն պահպանելու, այլեւ տարածելու յստակ քաղաքականութեան։
Սակայն, վերոյիշեալ բոլոր ժխտական երեւոյթները վերջապէս իրենց ազդեցութիւնը ունեցան նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան առողջ շրջանին վրայ:
Այսօր գաղտնիք չէ, որ այս շրջանը կը դիմագրաւէ ներքին կազմակերպական եւ գաղափարական լուրջ հարցեր: Իսկ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այս կացութեան մատնուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանը:
(Շարունակելի)