5 Յուլիսին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած երկկող հանդիպման ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան քննարկեցին Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեանն եւ ապահովութեան հաստատման գործընթացը:
Ֆիտան Ատրպէյճան կը գտնուէր «Չմիացած երկիրներու շարժման» բիւրոյի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման առիթով:
ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիա այդ շարժման մաս չի կազմեր, բայց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը զայն հրաւիրած էր հիւրի կարգավիճակով մասնակցելու հաւաքին:
Հանդիպումին ընթացքին, Ալիեւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արցախի եւ Հայաստանի վերաբերող երկու հիմնական նիւթերու՝ Արցախի պաշտպանութեան բանակին եւ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցքին»:
Ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ Հայաստան ստիպուած Ղարաբաղը ճանչցաւ իբրեւ Ատրպէյճանի մաս, բայց Ատրպէյճանի տարածքին մէջ, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահներ, տակաւին կը մնան հայկական զինուած ուժերու մնացորդներ: Ըստ Ալիեւի՝ եթէ Հայաստան իսկապէս հետաքրքրուած է հասնելու տարածաշրջանին մէջ երկար սպասուած խաղաղութեան, «անոր զինուած ուժերը պէտք է ամբողջութեամբ հեռանան Ատրպէյճանի ղարաբաղեան շրջանըն, հայկական զինուորականները եւ կիսառազմական կազմաւորումները այդ վայրերուն մէջ պէտք է զինաթափին»։

Ալիեւ նաեւ Հայաստանը մեղադրեց՝ խոչընդոտելուն մէջ «Զանգեզուրի միջանցքի բացումը» որ, ըստ անոր, 3 տարի առաջ ստորագրուած յայտարարութեան պարտաւորութիւններէն մէկն է` Ատրպէյճանի հիմնական մասը կապել Նախիջեւանին:
Իր խօսքին մէջ Ալիեւ Հայաստանի հասցէին հնչեցուց բազմաթիւ մեղադրանքներ: Ան Ատրպէյճանը նկատեց աշխարհի մէջ ամէնէն ականապատուած երկիրներու շարքին՝ նշելով, թէ գրաւեալ տարածքին մէջ Հայաստան կենսոլարտային ու մշակութային աղէտներ կը գործէ։
«67 մզկիթներէն 65ը ոչնչացուած են, իսկ կանգուն մնացածներուն մէջ խոզ եւ անասուն կը պահեն, ինչ որ վիրաւորանք է աշխարհի բոլոր իսլամներուն», ըսաւ ան։
Ալիեւ չմոռցաւ քննադատել Երասխի մէջ մետաղաձուլարանի կառուցումը՝ ըսելով, թէ Հայաստան կը շարունակէ անդրսահմանային բնապահպանական աղէտներ ստեղծել Նախիջեւանի հետ սահմանին:
ԵՐԵՒԱՆ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան արձագանգեց Ալիեւի յայտարարութիւններուն՝ «Թուիթըր»ի վրայ գրելով հետեւեալը. «Ադրբեջանը հերթական անգամ օգտագործում է «Չմիացած երկրների շարժման» եւ նրա նախագահութեան հարթակը` ագրեսիւ (թշնամական) եւ հակահայկական քարոզչութեան համար, այդ թւում` խեղաթիւրելով պատճառները եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան էութիւնը։ Սա խախտում է ինչպէս շարժման, այնպէս էլ միջազգային իրաւունքի սկզբունքները եւ միջազգային ատեանների որոշումները»։