Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ուղղեց Disney-ին՝ հրաժարելու ժամանակակից Թուրքիոյ պետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի կեանքին մասին պատմող նախատեսած ֆիլմաշարէն, քննադատելով Disney-ն, որ նման քայլով մը կրնայ հերոսացնել «բռնապետը եւ մարդասպանը»։
Ֆիլմաշարի անդրանիկ ցուցադրութիւնը նախատեսուած է այս տարուան 29 Հոկտեմբերիին, որ կը համընկնի Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակին։ Disney չէ արձագանգած ֆիլմաշարէն հրաժարելու կոչին։
«Կոչ կ՛ուղղենք @DisneyPlus-ին հրաժարելու ֆիլմաշարէն, որ կը փառաբանէ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը՝ թուրք բռնապետը եւ մարդասպանը, որ իր ձեռքերուն վրայ ունի միլիոնաւոր յոյներու, հայերու, ասորիներու, քաղդէացիներու, սուրիացիներու, արամէացիներու, մարոնիներու եւ այլ քրիստոնեայ նահատակներու արիւնը», «Թուիթըր»ի վրայ գրած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։