Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը բանակցի Ծերակոյտի Արտաքին հարցերու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն համոզել, որ չմիջամտէ ամերիկեան F-16 ռազմական օդանաւերու՝ Թուրքիոյ մատակարարման։
Անգարային F-16 կ՛առաջարկուի Շուէտի՝ ՆԱԹՕ ընդունուելու ջանքին Անգարային ընդդիմութիւնը վերցնելու դիմաց, յօդուածի մը մէջ կը գրէ Punchbowl News-ը։
Ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնեցին F-16-ները վաճառել 20 միլիառ տոլարով։
«Պայտընի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաները կ՛ուզեն վստահ ըլլալ, որ Մենենտեզ՝ զէնքի գործառքը պիտի չխոչընդոտէ իր լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ։
Մենենտեզ կ՛ընդդիմանայ կործանիչներու՝ Թուրքիոյ վաճառքին։ Ըստ ծերակուտականին՝ Անգարա չի դրսեւորեր ՆԱԹՕի վստահելի դաշնակիցի պահուածք՝ պահպանելով Յունաստանի հետ լարուածութիւնը, ներխուժելով անոր ջրային տարածքը, ապակառուցողական դիրք որդեգրելով Կիպրոսի հարցով, ինչպէս նաեւ Ռուսիայէն օդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելով։ Ծերակուտականը բազմիցս քննադատած է Թուրքիան նաեւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած 44օրեայ պատերազմին ունեցած դերակատարութեան համար։