ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովը վարձկաններու «Վակներ» խմբակցութիւնը ճանչցաւ իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն եւ ԵԱՀԿի անդամ բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց՝ արգիլելու զայն, հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ռուսիա ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ է, սակայն Գանատայի մէջ տեղի ունեցած այս նիստին չմասնակցեցաւ:
Բանաձեւը կը մանրամասնէ, որ «Վակներ»ը գործած է ի շահ Ռուսիոյ պետութեան եւ, ինչպէս խոստովանած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, նիւթական աջակցութիւն ստացած է պետութենէն:
Վեհաժողովը նաեւ դատապարտեց Պելոռուսը՝ «Վակներ»ին աջակցելուն եւ իր տարածքին մէջ անոր տեղակայումը ապահովելուն համար, ինչ որ կը սպառնայ Պալթեան երկիրներու ապահովութեան:
Միւս կողմէ, Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Հինգշաբթի օր յայտարարեց, որ «Վակներ»ի ղեկավար Եւկենի Փրիկոժին «Ռուսիա կը գտնուի եւ ոչ թէ իր երկրին մէջ:
Տեղական եւ օտար լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Լուքաշենքօ յայտնեց. ««Վակներ»ի զինեալները մեր երկիրը չտեղափոխուեցան եւ տակաւին Պախմութի մէջ իրենց ճամբարներուն մէջ են: «Վակներ»ի՝ Պելոռուս տեղափոխուիլը կախեալ է ռուսական ղեկավարութենէն եւ ինքնին «Վակներ» ընկերութեան որոշումէն: Պելոռուսի մէջ սեփական զինուորական ընկերութեան մը ուժերու տեղակայումին պատճառով երկրին համար վտանգ չեմ տեսներ»: